«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սկիզբ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմին
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ֆետայիներ փոխադրող օթոպիւսը
Պատմութեան ամէնէն վայրագ, երկարատեւ ու արիւնալի քաղաքացիական պատերազմներէն է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: 1975-էն 1990, տասնհինգ տարի շարունակ երկիրը զինուորական, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու մարդագրական մեծ վերիվայրումներու ու ցնցումներու ենթարկուեցաւ, գիւղեր ու բնակավայրեր աւերուեցան, եւ մարդկային ահաւոր կորուստներ արձանագրուեցան:
Մեծապետական եւ շրջանային զանազան ուժեր, տեսանելի եւ յաճախ անտեսանելի բազմապիսի ու բազմագոյն խմբաւորումներ, զանազան լոզունգներ եւ կարգախօսեր հրապարակ նետելով, Լիբանանի մէջ, լիբանանցիներու միջեւ հակասութիւններ սրեցին, կրօնական, դաւանական եւ համայնքային կիրքեր հրահրեցին եւ իրենց «աղտոտ լաթերը» Լիբանանի մէջ լուացին:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ուրիշներու պատերազմն էր Լիբանանի մէջ: Պատերազմէն տուժեցին բոլոր լիբանանցիները անխտիր: Զէնքի ուժով ու բռնութեամբ, ուրիշներու հաշուոյն եւ հաշիւներով ոչ մէկ հարց պիտի լուծուէր, ոչ ոք պիտի շահէր եւ ոչինչ պիտի փոխուէր:
Լիբանանի հայութիւնը, իբրեւ մէկ եւ անբաժանելի մասնիկը ամբողջական Լիբանանի, բնականաբար, ճաշակեց իրեն բաժին ինկած բոլոր դառնութիւններն ու կորուստները: Պատերազմի առաջին օրէն իսկ հայութիւնը միասնական կեցուածքով մերժեց ներքաշուիլ եղբայրասպան կռիւներու թոհուբոհին մէջ, որդեգրեց դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն, կառչած մնաց մէկ եւ միասնական, ամբողջական Լիբանանի տեսլականին եւ հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու տեսակէտէն:
Լիբանանի հայութիւնը միասնականութեան, շրջահայեաց քաղաքականութեան, մարտունակութեան, անձնազոհութեան, խիզախութեան եւ իրերօգնութեան սքանչելի օրինակ մը տուաւ: Աննման տղաք, տուն ու տեղ ձգած, տարիներով ակումբներու մէջ կայք հաստատեցին, մոռցան ընտանիք ու հանգիստ, զէն ի ձեռին, պահապան հրեշտակներու նման հսկեցին հայաշատ թաղերու ապահովութեան եւ ամէն վտանգ արհամարհելով, ռումբերու ու փամփուշտներու տարափին տակ հասան բոլորին:
* * *
«Ազդակ»-ի հաւաքածոները սկզբնաղբիւրի արժէք կը ներկայացնեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներու կեանքի առանձնայատկութիւններուն, հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան, այդ օրերու մթնոլորտին, մարդոց, հոգեբանութեան եւ հայութեան միասնական կեցուածքի ոգիին ուսումնասիրութեան իմաստով:
Յաջորդաբար, պիտի ներկայացնենք քաղաքացիական պատերազմի հանգրուանները եւ այդ տարիներուն հայութեան ապրած կեանքը, Պուրճ Համուտի, հայաշատ միւս թաղերու եւ Այնճարի իրավիճակին եւ ինքնապաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան դէմ եղած ոտնձգութիւններուն հոլովոյթը:
* * *

Ֆըրն Շըպպէք ծուխերու մէջ
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ կիրակի, 13 ապրիլ 1975-ին, Պէյրութի հարաւային արուարձան Այն Ռըմմանէի դէպքով, երբ փաղանգաւոր զինեալներ կրակ բացին պաղեստինցի ֆետայիներ փոխադրող օթոպիւսի մը վրայ:
Այն Ռըմմանէի շրջանին մէջ ծանր դէպքեր տեղի ունեցան փաղանգաւորներու եւ Ահմէտ Ժիպրիլի պաղեստինեան կազմակերպութեան պատկանող ֆետայիներու միջեւ: Սպաննուեցան 26 հոգի, մէկը փաղանգաւոր Ժոզեֆ Ապու Ասի, որ երեսփոխան Ամին Ժեմայէլի թեկնապահն էր, միւս 25-ը` պաղեստինցի ֆետայիներ:
Դէպքը, ըստ փաղանգաւորներու, ծագած էր հետեւեալ ձեւով:
Այն Ռըմմանէի Նոթըր տամ տը Տէլիվրանս եկեղեցիին բացման առիթով, փաղանգաւորները, խճողումէ խուսափելու համար, փակած էին եկեղեցի տանող ճամբաները եւ հաւատացեալները հետիոտն կը փութային աղօթատեղի:
Ժամը 11:00-ին, կը հասնի Վոլքսվակոն ինքնաշարժ մը, ծածկուած թուատախտակով, եւ կ՛ուզէ անպայման անցնիլ: Կը ծագի վէճ մը ու ի վերջոյ թոյլ կու տան, որ ինքնաշարժը շարունակէ ճամբան: Նոյն ինքնաշարժը կը վերադառնայ ու անոր ետեւէն փոքր օթոպիւս մը, աւելի քան 30 զինեալ ֆետայիներով, որոնք կ՛երթային մասնակցելու քաղաքապետարանի դաշտին մօտերը կատարուելիք ֆետայական տողանցքի մը:
Այդ պահուն է, որ կը պարպուի առաջին գնդակը, որուն զոհ կ՛երթայ Ժոզէֆ Ապու Ասի: Փաղանգաւոր միլիսները իսկոյն կրակ կը բանան օթոպիւսին վրայ, որուն մէջ գտնուող ֆետայիներէն 25-ը կը սպաննուի:
Փաղանգաւորներու համաձայն, օթոպիւսին մէջէն գտնուած էին 12 կտոր ծանր զէնքեր, մինչ ֆետայական կազմակերպութիւնները կը յայտնէին, թէ ֆետայիները զինուած չէին:
Ամբողջ կէսօրէ ետք, խոր լարուածութիւն տիրեց շրջանէն ներս, ուր փաղանգաւոր միլիսներ, գիւղերէն կանչուելով, դիրք բռնած էին տանիքներու վրայ: Իսկ ֆետայիներ պաշարած էին Այն Ռըմմանէն եւ Շիահը:
Երեկոյեան, ՊԱԿ-ի նախագահ Եասէր Արաֆաթ, որ Դամասկոս կը գտնուէր, փութաց Պէյրութ, ուր գիշերը Ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ապահովութեան պատասխանատուներուն եւ փաղանգաւոր ղեկավարներու հետ:
Երեկոյեան Հարէթ Հրէյքի, Տըքուանէի եւ Շիահի փաղանգաւորներու ակումբները յարձակման ենթարկուեցան:
13 հրթիռներ ինկան Հարէթ Հրէյքի փաղանգաւորներու տան մօտերը եւ 14-րդ հրթիռը նիւթական վնասներ հասցուց ակումբին:
Հարէթ Հրէյքի ազգային վարժարանին շէնքը նոյնպէս վնասուեցաւ:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, մեծ պայթում մը լսուեցաւ Թէլ Զաաթարի եւ Տըքուանիի շրջաններուն մէջ, ուր չորս անձեր, երեքը պաղեստինցի եւ մէկը սուրիացի, ծանրօրէն վիրաւորուեցան:
Տասը վայրկեան ետք, նոր ռումբ մը պայթեցաւ Տըքուանիի «ռոն փուան»-էն 60 մեթր հեռու գտնուող անել ճամբու մը մէջ:
Վէյկան պողոտային երկրորդ քառանկիւնին վրայ գտնուող Նաում Ապի Ռաշէտի վաճառատան առջեւ, ուժանակ մը պայթելով ցնցեց ամբողջ շրջանը:
Գիշերապահ մը` Ալի Շարիֆ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուեցան Ապի Ռաշէտի վաճառատան եւ անոր մօտ գտնուող խանութներուն մէջ:
Ուէյկան պողոտային դէպքէն ութ վայրկեան ետք, Զէյթունէի շրջանին մէջ նետուեցաւ ուժանակ մը:
Ժամը 23:15-ին, Մազրաայի քորնիշէն անցնող «Ֆիաթ» ինքնաշարժի մը վրայ կրակ բացուեցաւ:

Ներքին ապահովութեան ուժեր Ֆըրն Շըպպէքի մէջ
Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 0:30-ին, Ժորժ Փիքօ պողոտայէն անցնող ինքնաշարժ մը մերժեց ենթարկուիլ փաղանգաւորներու միլիցիայի հրահանգին: Կրակ բացուեցաւ ինքնաշարժին վրայ, որուն մէջ կային չորս անձեր, որոնցմէ երկուքը մահացան:
Ժամը 1:10-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանին մէջ, Քարաքալլա պարախումբին մաս կազմող պարուհի մը եւ երիտասարդ լիբանանցի մը, որ դէպի Վէրտէոն փողոցը կ՛ուղղուէին, յարձակման ենթարկուելով ֆետայիներու կողմէ, որոնք կը գտնուէին «Պուիք» ինքնաշարժի մը մէջ, ծանրօրէն վիրաւորուեցան եւ Ամերիկեան հիւանդանոց փոխադրուեցան:
Առտուան առաջին ժամերուն, ներքին ապահովութեան ուժերէն մեծ թիւ մը, զրահապատ կառքերու եւ թեթեւ հրասայլերու օժանդակութեամբ, պաշարեց Այն Ռըմմանէն ու թաղ առ թաղ փնտռտուքներէ ետք ձերբակալեց տասնչորս փաղանգաւորներ, որոնք կը նկատուէին գլխաւոր պատասխանատուները արիւնահեղութեան:
***
Քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն քանի մը օր ետք, շաբաթ, 19 ապրիլ 1975-ի թիւով եւ «Ի սպաս Լիբանանի» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
«Կիրակիէն մինչեւ հինգշաբթի, Լիբանան ապրեցաւ մղձաւանջային օրեր, քաղաքացիական պատերազմի մը ահաւոր հեռանկարով: Այն Ռըմմանէի արիւնալի դէպքը, որուն զոհ գացած էին երեսուն հոգի, եղաւ ազդանշանը բախումներու եւ միջադէպերու շարանի մը, որ իրարու դէմ հանեց Լիբանանեան փաղանգաւորները եւ պաղեստինեան դիմադրութիւնը: Անապահովութիւնը, բախումի «տաք» կէտերէն տարածուելով, հետզհետէ ծաւալեցաւ քաղաքին բոլոր թաղամասերը, ուր հրացանաձգութիւններ եւ պայթումներ ստեղծեցին անդոհալի պահեր:
Տակաւին շատ կանուխ է դէպքերուն հաշուեկշիռը կազմելու համար: Բայց կասկած չկայ, թէ դէպքերուն զոհ գացին 150 սպանեալներ եւ կրկնապատիկը վիրաւորներ: Շատեր ինկան վրիպած գնդակներով, ուրիշներ` զոհ հրթիռներու եւ ուժանակային պայթումներու: Անմեղ զոհերու շարքին կը գտնուին նաեւ հայեր, որոնք ինկան վրիպած գնդակներով եւ հրթիռներով, որոնք կուրօրէն կը հարուածէին առանց խտրութեան:

Զինեալ ֆետայի մը Շիահի մէջ
Հապա նիւթական վնասները: Տեսանելի՛ն միայն միլիոններու կը հասնի, քանդուած վաճառատուներու, շէնքերու եւ ինքնաշարժներու տխուր պատկերով: Անհաշուելի կը մնան սակայն անտեսանելի վնասները, տնտեսական կեանքին ստացած հարուածը դէպքերու պատճառով, որոնց հետեւանքը դեռ որոշ ժամանակ զգալի պիտի դառնայ:
Մարդ միայն կրնայ ցաւիլ ու ափսոսալ մարդկային կորուստներուն եւ նիւթական վնասներուն համար, որոնցմէ տուժեց հանդուրժողութեան եւ համերաշխութեան, եղբայրութեան եւ գոյակցութեան օրրան ճանչցուած մեր երկիրը:
Բարեբախտաբար, դէպքերն ու բախումները մնացին փաղանգաւորներու եւ պաղեստինեան դիմադրութեան սահմաններուն մէջ, մինչ անհեռատես քայլեր եւ դիտումնաւոր գրգռութիւններ կրնային զանոնք շուտով վերածել միջհամայնքային վէճերու եւ բախումներու:
Մղձաւանջային այս օրերուն, իբրեւ կազմակերպութիւն, ՀՅ դաշնակցութիւնը, իր ղեկավար մարմիններով, ընկերներով եւ համակիրներու լայն բանակով, աջակցութեամբը մեր երեսփոխանական պլոքին, գիշերը ցերեկին խառնելով, անդուլ աշխատանք տարաւ, որպէսզի մէկ կողմէ վերջ գտնեն կռիւները, ու եթէ ատիկա անմիջապէս հնարաւոր չէ, գոնէ անոնք պահուին իրենց նեղ սահմանին մէջ, ջանալով որ միջհամայնքային բարդութիւններ չծագին, ինչպէս 1958-ին:
Մեր առաջադրանքը եղաւ, հնարաւոր բոլոր միջոցներով մեղմել կողմերու հակադրութիւնները: Այդ նպատակին համար, յաճախակի շփումներ հաստատուեցան թէ՛ փաղանգաւորներու ղեկավար մարմինին եւ թէ՛ պաղեստինեան դիմադրութեան տեղական ղեկավարութեան հետ, որոնց մօտ ո՛չ միայն մթնոլորտը մեղմելու աշխատանք տարուեցաւ, այլ նաեւ բախումներուն վերջ տալու հնարաւորութիւններուն մասին խօսուեցաւ:
Իրարու հակադրուող անմիջական երկու կողմերէն զատ, բազմիցս շփումներ հաստատուեցան եւ հանդիպումներ եղան պետական, քաղաքական, կրօնական եւ կուսակցական դէմքերու եւ ղեկավարներու հետ:
Գոհունակութեամբ կարելի է ըսել, թէ բոլորին մօտ ալ ո՛չ նախանձախնդրութիւնը կը պակսէր տագնապը հարթելու եւ ոչ ալ հասկացողութիւնը մեր դիրքին նկատմամբ:
Քաղաքական այս աշխատանքներուն առընթեր, անհրաժեշտ էր նաեւ պայքար բանալ գրգռութիւններու դէմ: Մեր ուշադրութենէն չէր վրիպեր այն իրողութիւնը, թէ մութ ձեռքեր, խափանարար տարրեր կազմակերպուած կերպով փրովոքասիոններու կը դիմէին երկու կողմերուն վրայ զէնք արձակելով, սուտ լուրեր տարածելով, համայնքային գրգռութիւններ սերմանելով եւ ժողովուրդին մօտ խուճապ ստեղծելով:
Ջանադիր եւ հետեւողական աշխատանքով, անմիջական շփումներով եւ լուսաբանութիւններով, կարելի եղաւ ձախողեցնել այդ տարրերուն դաւադրական ծրագիրները, որոնց հակազդելու գործը առաջնահերթ պարտականութիւն նկատուեցաւ:
Նոյն ատեն, աննախատեսելի դէպքեր կանխելու մտահոգութեամբ, ապահովութեան միջոցներ ձեռք առնուեցան հայկական թաղերու մէջ, ո՛չ միայն հայերու, այլ նաեւ ոչ հայ բնակիչներու համար: Այս ուղղութեամբ, որոշ գործակցութիւն հաստատուեցաւ այլ կուսակցութիւններու հետ, հիմնական մտահոգութիւն ունենալով հայաշատ շրջաններու ապահովութիւնը:
Հիմա, դէպքերու դադարէն քսանչորս ժամ ետք, կարելի է ըսել թէ Լիբանան մեծ փորձանքէ մը անցաւ: Բայց պէտք չէ մոռնալ թէ եղածը զինադուլ է: Լայն հասկացողութիւն եւ խոր բարեացակամութիւն պէտք է, որպէսզի կռիւներու դադարէն ետք, հանդարտին նաեւ միտքերը եւ մեր երկիրը, իր վէրքերը կապելով, վերադառնայ խաղաղ եւ շինարար աշխատանքի:
Այդ աշխատանքին մէջ եւս, ի սպաս Լիբանանի, մեր կուսակցութիւնը պիտի չթերանայ իր ազգային պարտականութեան մէջ»:

