Յաջորդը Երեւանն Է
ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Մօտ ապագային անհաւանական չէ ռուս-թրքական համաձայնութիւն մը, գաղտնի կամ բացայայտ, որ անգամ մը եւս ծրագրէ արմատախիլ ընել հայը իր հողէն: Արդէն այս երկու երկիրները, նաեւ` ամբողջ աշխարհը, տեսան ու փաստեցին, որ հայը կարողութիւն չունի իր հողին տէր կանգնելու ու հայրենիք պահելու:
Քսաներեք տարի առաջ իր հայրենիքը կերտելու ու զարգացնելու բացառիկ առիթ մը ստեղծուեցաւ հայուն համար, եւ քաղաքական նոր ուղղութիւն մը բացուեցաւ իր առջեւ: Բայց չարաշահեցինք առիթը ու ծախեցինք հայրենի հարստութիւնը:
Հարստացանք հայրենիքի հաշուոյն ու չհասկցանք անոր քաղաքական արժէքը:
Սպառած են արդէն չարաշահութեան աղբիւրները եւ, հետեւաբար, դիւրին պիտի ըլլայ կորսնցնել Երեւանը: Դժբախտաբար տակաւին անորոշութեան եւ սպասումի մէջ կը պահենք մենք մեզ, երբ թուրքը բնաջնջումի իր ծրագիրը կը հետապնդէ ամէն առիթով: Հայրենամերձ մեր գաղութները կը կորսնցնենք, ինչպէս որ ժամանակին կորսնցուցինք հայրենի մեր հողը: Այն օրերուն եւ նաեւ այսօր մեր զգուշաւորութեան եւ անվճռականութեան զոհն ենք: Ամէն անգամ որ վտանգ մը սպառնացած է, ուզած ենք զգուշ ըլլալ ու, այսպէս ըսուած, խոհեմ մօտեցում ցոյց տալ չհրահրելու համար թշնամին մեր դէմ: Այդպէս ըրած ենք 1915-էն առաջ, երբ մեր թշնամին որոշած էր բնաջնջել մեզ: Այդպէս կ՛ընենք այսօր Քեսապի ու Հալէպի մէջ, ու այդպէս պիտի ընենք վաղը, երբ վտանգը սպառնայ Երեւանին:
Մենք զոհ եղած ենք մեր զգուշաւորութեամբ: Բայց յաղթական դուրս եկած ենք, երբ ընդունած ենք կռիւը ու մեր ազդած սարսափով չափաւորած ենք թշնամիին վայրագութիւնը:
Հայը վիպային սէր մը ունի իր ժողովուրդին ու հայրենիքին հանդէպ: Հեռուէ հեռու, երեւակայական սէր մը, բայց` ոչ քաղաքական: Հետեւաբար զարմանալի չէ, եթէ օր մը հայը Երեւան այցելէ իբրեւ զբօսաշրջիկ, ինչպէս որ այսօր Մուշ կամ Վան կ՛այցելէ հայրենասիրական զգացումներով:

