Հալէպի Մէջ Տակաւին Հրթիռներ Կը Տեղան. Սեդա Պասմաճեան Եւ Վրէժ Ջապաղջուրեան Հրասանդի Պայթումի Պատճառով Զոհուեցան

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 16 յունիս 2014-ի երեկոյեան, Հալէպի Սեպիլ շրջանին մէջ ինկած եւ պայթած հրասանդի բեկորներէն զոհուեցաւ1942-ի ծնունդ Սեդա Պասմաճեանը:

Միւս կողմէ, երէկ` երեքշաբթի, 17 յունիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ, Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանը կրկին հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ: Հրասանդի մը պայթումին պատճառով զոհուեցաւ Վրէժ Ջապաղջուրեանը:

Հրթիռակոծման պատճառով զոհուեցաւ նաեւ ոչ հայ կին մը եւ կան վիրաւորներ, որոնց մէջ նաեւ հայեր: Յայտնենք, որ Վրէժ Ջապաղջուրեան Հալէպի մէջ «Գանձասար» շաբաթաթերթի եւ «Ազդակ»-ի ցրուիչն էր:

Share this Article
CATEGORIES