«Ուքրանիան Կ՛աղքատանայ. Տեղացի Սակաւապետերը Միլիառաւոր Տոլարներ Կը Կորսնցնեն» Կը Գրէ «Ֆորպզ»

1606-Forbes-Magazine-Logo-Fontbetter«Ֆորպզ» պարբերաթերթը հրապարակած է ուքրանացի դրամատէրերու հերթական վարկանշային ցուցակը, ըստ որուն, մէկ տարուան ընթացքին առաջին 100 դիրքերուն վրայ գտնուողները աղքատացած են 42 միլիառ տոլարով:

Օրինակ` գործարար Ռինաթ Ախիմեթովի կարողութիւնը այս տարի կը կազմէ 11.2 միլիառ տոլար, ինչ որ չորս միլիառ տոլարով նուազած է, մէկ տարուան ընթացքին: Անոր եկամուտ բերող ձեռնարկութիւնները կը գտնուին արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ, որ այժմ պատերազմական իրավիճակի մէջ կը գտնուի:

«Աղքատացած» է նաեւ Իկոր Քոլոմոյսքին, որուն հարստութիւնը կը կազմէ 1.8 միլիառ տոլար, իսկ մէկ տարի առաջ ան ունէր 2.4 միլիառ տոլար:

Վնասներ կրած է նաեւ Վիքթոր Փինչուք` Ուքրանիոյ նախկին նախագահ Լէոնիտ Քուչմայի փեսան, որ ունէր 3.8 միլիառ տոլար, իսկ այժմ` 3 միլիառ տոլար:

300 միլիոն տոլարով պակսած է նաեւ «տուրմի արքայ», Ուքրանիոյ գործող նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի հարստութիւնը: Ան այժմ ունի 1.3 միլիառ տոլար:

Խնայողութիւն սկսած են ընել նաեւ հասարակ քաղաքացիները: Ուքրանիոյ մէջ մթերքները սղած են 20-30 առ հարիւրով: Մարդիկ աւելի աժան սնունդ կը նախընտրեն: Խանութներուն մէջ վաճառքէ կը հանեն չափազանց սուղ ապրանքները:

 

Share this Article
CATEGORIES