Պապը Կը Հրաժարի Զրահապատ «Փափամոպիլէ»-էն. «Ես Կորսնցնելիք Մեծ Բան Չունիմ» Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

1606-Papamobile«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարած է, որ ինք այլեւս պիտի չօգտուի յատուկ իրեն համար պատրաստուած զրահապատ մեքենայէն, որ յաճախ «փափամոպիլէ» կ՛անուանուի: Ան իր որոշումը բացատրելով ըսած է, որ «այս տարիքիս մէջ» կորսնցնելու մեծ բան չունի:

«Ճիշդ է, ամէն ինչ ալ կրնայ պատահիլ, սակայն եկէք խոստովանինք, որ այս տարիքիս ես կորսնցնելու շատ բան չունիմ», ըսած է 77 տարեկան եպիսկոպոսապետը:

Ֆրանչիսկոս պապը աւելցուցած է, որ զրահապատ մեքենան կը խանգարէ իրեն հաւաքուած մարդոց հետ հանդիպում ունենալու եւ որ այդ մեքենային մէջ ինք «պահածոյացուած ձուկի» կը նմանի:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ «փափամոպիլէները» գործածութեան մէջ դրուած են 1981-ին, երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի դէմ թուրք տղամարդ մը Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ մահափորձ կատարեց:

Share this Article
CATEGORIES