Վերակառուցման Եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատունը Վրաստանին 97 Միլիոն Եւրօ Պիտի Յատկացնէ

Կէորկի Քվիրիքաշվիլի

Կէորկի Քվիրիքաշվիլի

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի փոխվարչապետ, տնտեսութեան եւ կայուն զարգացման նախարար Կէորկի Քվիրիքաշվիլի յայտնած է, որ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը մտադիր է 97 միլիոն եւրօ յատկացնել վրացական ընկերութիւնները եւրոպական շուկային մէջ գործող չափանիշերուն մօտեցնելու համար:

«Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը մտադիր է յատուկ ելեւմտական մեքանիզմ ստեղծել, որպէսզի վրացական ընկերութիւնները համապատասխանեն Եւրոպական Միութեան եւ Վրաստանի միջեւ Ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ` ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրի պահանջներուն», յայտարարած է Քվիրիքաշվիլի:

Ան յայտնած է, որ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան ելեւմտական աջակցութիւնը պիտի օգնէ վրացական ընկերութիւններուն` հասնելու եւրոպական շուկայի սահմանած պահանջներուն:

«Մաքրոտնտեսական խթանման համար Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը մտադիր է 46 միլիոն տոլար յատկացնել, իսկ առեւտրական համաձայնագիրներու հետ կապուած չափանիշերու իրագործման համար դրամատունը յատուկ օգնութիւն պիտի ցուցաբերէ` 51 միլիոն եւրոյի չափով», նշած է Քվիրիքաշվիլի:

Share this Article
CATEGORIES