«Կազփրոմ» 4.5 Միլիառ Տոլարի Հայց Ներկայացուցած Է Սթոքհոլմի Իրաւարարական Դատարան` Ընդդէմ «Նաւթոկազ»-ի
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ շուրջ 4.5 միլիառ տոլարի հայց ներկայացուցած է Սթոքհոլմի իրաւարարական դատարան:
Հայցը ներկայացուած է ուքրանական «Նաւթոկազ» ընկերութեան դէմ: Վէճին պատճառը նախապէս շուրջ 4.5 միլիառ տոլարի կատարուած կազի մատակարարումներու համար պարտքն է: Ռուսական կողմին կարծիքով` «Նաւթոկազ»-ը իր պարտականութիւնները կատարած է ոչ պատշաճ ձեւով` համաձայն 2009-ի կազային համաձայնագիրին:
Նախապէս, «Կազփրոմ» կանխավճառի դրութիւն սահմանած էր Ուքրանիոյ համար: Հակառակ ատոր, համաձայնագիրին պայմաններով «Նաւթոկազ»-ը պէտք է ապահովէ երրորդ երկիրներ բնական կազի անվտանգ տարանցումը: Եւրոպական յանձնաժողովը նախազգուշացուցած է կազի տարանցման հաւանական խափանումներու մասին, եթէ «Նաւթոկազ»-ը անթոյլատրելի ճամբով կազ վերցնէ տարանցիկ հոսքերէն:
«Կազփրոմ» երէկուան ժամը 10:00-էն սկսեալ Ուքրանիոյ կազի մատակարարման համար կանխավճարի սկզբունքը սկսաւ գործադրել:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Նաւթոկազ Ուքրանիան» իր կարգին Սթոքհոլմի իրաւարարական դատարան հայց ներկայացուցած է` պահանջելով, որ ռուսական ընկերութիւնը կազի արդար եւ շուկայական գին սահմանէ Ուքրանիոյ համար:

