Ըստ «Կարտիըն»-ի. Միացեալ Նահանգներ Կրնան Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Հարուածներ Հասցնել Ոչ Միայն Իրաքին, Այլ Նաեւ` Սուրիոյ

1606-F-16-warplanesԱղբիւրներ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ կը սերտեն Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու դիրքերը ոչ միայն Իրաքի, այլ նաեւ Սուրիոյ մէջ հարուածելու տարբերակը:

Բարձրաստիճան աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են, որ մասնաւորաբար տարբերակներէն մէկուն համաձայն, կը մտածուի հակաահաբեկչական արշաւին ամերիկեան ծովուժի կամ օդուժի օդանաւերու մասնակցութիւնը, կամ ալ երկու ստորաբաժանումներունը միաժամանակ:

Այդպիսի արշաւի տեւողութիւնն ալ կը քննարկուի:

Փենթակոնէն աղբիւր մը բրիտանական թերթին յայտնած է, որ Սուրիոյ օդային հարուածներ հասցնելու տարբերակն ալ կը քննարկուի, որովհետեւ ահաբեկչական խմբաւորումը, որ մինչեւ հիմա կռուած է Սուրիոյ վարչակարգի ուժերուն դէմ, «սահմաններէն դուրս եկած է»:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն մտադիր չէ զօրք ուղարկել Իրաք, սակայն կը սերտէ «այլ տարբերակներ, որոնք պիտի օգնեն իրաքեան ուժերուն»:

 

Share this Article
CATEGORIES