Թուրքիոյ Ընդդիմութեան Նախագահական Միասնական Թեկնածուն Էքմելէտտին Իհսանօղլուն Է

Էքմելէտտին Իհսանօղլու
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Էքմելէտտին Իհսանօղլու բարձր գնահատած է յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան մէջ Թուրքիոյ ընդդիմութեան զինք իբրեւ միասնական թեկնածու ընտրելու նախաձեռնութիւնը:
Ան տակաւին իբրեւ նախագահութեան թեկնածու պաշտօնապէս չէ արձանագրուած: Կ՛ակնկալուի, որ ան յառաջիկային արձանագրուի, որովհետեւ արձանագրութեան հոլովոյթը արդէն սկսած է:
Իհսանօղլու Թուրքիոյ մէջ յարգուած քաղաքական գործիչ եւ ակադեմիկոս է: Ան ծնած է 1943-ին` Գահիրէ, եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Թուրքիոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան:
CATEGORIES Միջազգային

