Քիւրտերը Իրաքի Մէջ Հանրաքուէ Կը Պահանջեն

1706Kurds«Տէօչը Վելը»` յղում կատարելով տեղական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ փեշմերկաները կը մերժեն լքել Իրաքի Քերքուք, Նայնաւա եւ Տիալա շրջանները, որոնք անցեալ շաբաթ առած են իրենց վերահսկողութեան տակ` զանոնք պաշտպանելով ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն յարձակումներէն:

Անոնք կը պահանջեն Իրաքի սահմանադրութեան 140-րդ յօդուածին հիմամբ երկրի քրտական շրջաններուն մէջ հանրաքուէ կատարել` վերոնշեալ շրջանները Քրտական ինքնավար շրջանին միացնելու հարցով:

Խօսքը կը վերաբերի քիւրտերու գրաւած երեք շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Սալահէտտին շրջանին: Անոնց բնակչութեան մեծ մասը քիւրտեր են:

Իրաքի սահմանադրութիւնը, որ երկրի քրտական շրջաններուն համար հանրաքուէ կը նախատեսէ, գրուած է Միացեալ Նահանգներուն մասնակցութեամբ Սատտամ Հիւսէյնի տապալումէն ետք:

Նախապէս երկրի վարչապետ Նուր Մալիքի խոչընդոտած է 140-րդ յօդուածի կիրարկումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES