Թուրքիա Ձերբակալած Է Սուրիոյ Մէջ Կռիւի Մասնակից Ազրպէյճանցի Զինեալներ

img1706ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած եւ Ազրպէյճանին յանձնուած են ազրպէյճանցի 5 զինեալներ, որոնք վերադարձած են Սուրիայէն: Ձերբակալուածներուն շարքին է Սումկայիթի բնակիչ, 1985-ի ծնունդ Պալաքիշիեւ Մեհմանը:

Ձերբակալուածները յանձնուած են Նախիջեւանի շրջանի ազրպէյճանցի իրաւապահներուն: Յարուցուած է քրէական գործ, տեղի կ՛ունենայ հետաքննութիւն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ մեկնած է Սուրիա, Պալաքիշիեւ ըսած է, որ կռուած է յանուն հաւատքի` աւելցնելով, որ հիմնականին մէջ Սուրիա կը մեկնին գումարի եւ աւարի համար: Ան նշած է, որ կը զղջայ իր կատարածին համար եւ Սուրիա մեկնողներուն առաջուան նման չի նայիր:

Share this Article
CATEGORIES