Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր սուրիացի արգելափակեալ մը եւ փախստական չորս ուրիշներ ամբաստանեց «Զիատ Ժարրահ»-ի փաղանգներու ահաբեկչական կազմակերպութեան պատկանելու յանցանքով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակից ուժերն են, որոնք պատասխանատու են հաւատադրժողական ահաբեկչութեան շրջան հասնելուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու համար պէտք է Հըզպալլայի հետ փոխըմբռնումի իր համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկէ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի զիջի նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութենէն, պայմանաւ որ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը համադրելու:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին պարագային որդեգրուած բարեկարգումի աշխատանքները պիտի շարունակուին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Խալետ Հապըր կոչ ուղղեց ապահովական եւ քաղաքական միջոցառումներ որդեգրելու` արգիլելու համար Լիբանանի մէջ սադրանքներուն տարածումը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք կ՛ողջունեն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումը:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ Իրաքի մէջ արձանագրուած սպանդներուն առնչութեամբ լուռ մնացող կողմերը ՏԱՀԵՇ-ի մեղսակիցներ կը նկատուին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Մաշնուքի միջեւ նախանցեալ օրուան հանդիպումը կապ չունի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան հետ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգը պետական ահաբեկչութիւն կը բանեցնէ Սուրիոյ վրայ:
ՄԱՐՈՆԻ համադաշնակցութեան նախագահ Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան յապաղումը Լիբանանի մէջ տիրող քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութիւնը կ՛իմաստազրկէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացման առումով գումարուելիք օրէնսդրական նիստին ընթացքին վերջնական լուծման մը յանգելու նպատակով կատարուող խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան ներխուժումի սպառնալիքի տակ պիտի գտնուի, եթէ խորհրդակցութիւնները հանրապետութեան նոր նախագահի մը շուրջ որոշ աւարտի մը չյանգին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումը մնայուն հոգատարութեան կարիք ունի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական կառոյցներէն, յայտնեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով պատրաստ վիճակի մէջ պէտք է ըլլայ` աւելցնելով, որ երբեք սարսափելու կարիք չկայ:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ կառավարութիւնը բաղկացնող կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւններն ու փոխըմբռնումը պէտք է գոյացնել` կանխարգիլելու համար կառավարութեան աշխատանքը պոյքոթի ենթարկելու որեւէ փորձ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մեքանիզմին մասին համաձայնութիւն մը գոյացնել:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքը պոյքոթի ենթարկելու քայլերը նախագահական ընտրութեամբ պիտի չաւարտին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ կարելի չէ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել` առանց երկրին մէջ ընդհանուր համախոհութիւն մը գոյացնելու:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան կոչ ուղղեց արագացնելու հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը եւ վերջ տալու պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները խանգարելու դրութեան:

