Սէյիտ Նասրալլա. «Եթէ Սուրիոյ Դէպքերուն Չմիջամտէինք, Տահեշ-ը Կրնար Պէյրութ Հասնիլ»

sayed_hasan_450«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վերահաստատած է հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` վերջ տալու համար նախագահական աթոռին թափուր մնալուն:

Մեհտիի սկաուտական շարժումի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ան շեշտած է, որ Հըզպալլա կը փափաքի ամէնէն մօտիկ ապագային հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել, «նախագահ մը, որ Դիմադրութիւնը կռնակէն չհարուածէ», աւելցուցած է ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատած է, որ ինք կ՛ողջունէ Լիբանանի ներքին ապահովական կայունութիւնը, սակայն կ՛ուզէ ընդգծել, որ անիկա հարիւր առ հարիւր կայունութիւն չի նշանակեր եւ անհրաժեշտ է անպայման զգուշ ըլլալ:

Անդրադառնալով Մուսուլի եւ իրաքեան այլ շրջաններու դէմ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումին` սէյիտ Նասրալլա ողջունեց Նաժաֆի հոգեւոր հեղինակութիւններուն որոշումը` նշելով, որ այդ որոշումը պէտք չէ հասկնալ այն իմաստով, որ ահաբեկիչներուն դէմ զէնք բարձրացնելու կոչը կը միտի համայնք մը պաշտպանել, այլ` անիկա կը միտի ամբողջ Իրաքը պաշտպանել:

Սէյիտ Նասրալլա հարց տուաւ Իրաքի մէջ արձանագրուած դէպքերուն հետ կարգ մը արաբական` Ծոցի երկիրներուն առնչութեան եւ այդ իրարանցումէն անոնց շահերուն մասին:

Պատասխանելով այն մեկնաբանութիւններուն, որոնք դատապարտեցին Սուրիոյ դէպքերուն Հըզպալլայի մասնակցութիւնը, սէյիտ Նասրալլա հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ ՏԱՀԵՇ-ը դատապարտող յայտարարութիւններ չկան»: «Եթէ Սուրիոյ դէպքերուն չմիջամտէինք, ՏԱՀԵՇ-ը կրնար Պէյրութ հասնիլ», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

Պէտք է նշել, որ Հարաւային արուարձաններու մէջ երէկ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուեցան` նկատի ունենալով, որ Հըզպալլա ստացած էր «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցին դէմ ահաբեկչութիւն մը գործելու սպառնալիքներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES