«Սուրիա Զինք Յարգող Բոլոր Քաղաքացիներուն Դիմաց Դռները Բաց Ձգած Է» Շեշտեց Ալի

20130621200558710Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան մասնակցելու առիթով Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատուն ուղղուած մեծաթիւ սուրիացի քաղաքացիները ցոյց կու տան ազգային ինքնորոշման տէր կանգնելու անոնց կամքը:

«Սուրիացին է միակ իրաւասուն իր հանրապետութեան նախագահը ընտրելու: Սուրիացին միայն իրաւունք ունի իր որոշումը տալու եւ իբրեւ այդպիսին ան դարձեալ Պաշշար Ասատը ընտրեց հանրապետութեան նախագահ: Սուրիոյ ժողովուրդն է, որ Սուրիոյ փրկութեան ճամբան գծեց», ըսաւ Ալի:

Սուրիոյ դեսպանը հաստատեց նաեւ, որ նախագահ Պաշշար Ասատ փաստեց, որ ինք այս շրջանի հզօրագոյն ղեկավարն է` աւելցնելով, որ պատմութիւնը եւս նոյն փաստը պիտի տայ:

Ան նշեց, որ Ասատի յաղթանակը ձախողութեան մատնեց «Ժընեւ Գ.»-ը եւ «Դամասկոս Ա.»-ը, ինչպէս նաեւ կարգ մը այլ անուանումները` ընդգծելով, որ Սուրիոյ տագնապը լուծելու համար պէտք է միջսուրիական երկխօսութիւն կատարել:

«Սուրիոյ դէմ բռնարարքները, որոնք սանձազերծուեցան Միացեալ Նահանգներու կողմէ եւ ֆինանսաւորուեցան Թուրքիոյ եւ արաբական կարգ մը երկիրներու կողմէ, Սուրիոյ վարչակարգը փոխելու ոչ մէկ միտում ունէին, այլ` անոնց գլխաւոր նպատակն էր քանդել Սուրիան, իսկ անոր փաստը յստակօրէն կ՛երեւի Հալէպի մէջ, ուր կործանած են այնպիսի գործարաններ ու համալսարաններ, ինչպէս նաեւ այլ կառոյցներ, որոնք սուրիական պետութեան հետ կապ չունին», ըսաւ Սուրիոյ դեսպանը:

Ալի ընդգծեց, որ Սուրիա զինք յարգող բոլոր քաղաքացիներուն դիմաց դռները բաց ձգած է, հետեւաբար Սուրիա վերադարձող քաղաքացիները տասնեակներով չեն, այլ հազարներով:

 

Share this Article
CATEGORIES