Մուսթաքպալ Պլոքը Մարտ 8-ի Ուժերէն Կը Պահանջէ Առաջադրել Իրենց Նախագահական Թեկնածուն

Մուսթաքպալ պլոքի նիստէն պահ մը
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն պահանջեց առաջադրել իրենց նախագահական թեկնածուն կամ ալ ջանալու, որպէսզի համախոհութիւն գոյանայ համախոհական անձնաւորութեան մը շուրջ:
Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց նաեւ, որ երեսփոխանները պէտք է յանձնառու մնան իրենց սահմանադրական պարտականութեան եւ ուղղուին խորհրդարան` մասնակցելու համար նախագահական ընտրութեան նիստին:
Պլոքը հաստատեց, որ կարելի չէ այսքան երկար տեւողութեամբ նախագահական աթոռը թափուր պահել:
Մուսթաքպալ պլոքը վերահաստատեց, որ իր եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահն է:
Պլոքը ընդգծեց նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

