Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Աշխատավարձի Յաւելումներուն Շուրջ Համաձայնութիւն Մը Նախատեսելի Է» Ըսաւ Իպրահիմ Քանաան
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 2006-էն ի վեր իրենց նախաձեռնած ռազմավարութիւններն ու իրերայաջորդ կառավարութիւններուն մաս կազմելն ու Մուսթաքպալ հոսանքին նկատմամբ ցուցաբերուած բաց քաղաքականութիւնը կը ծառայէին Լիբանանի շահերուն պաշտպանութեան:
Ան զգուշացուց շրջանին մէջ արձանագրուելիք իրադարձութիւններէն` յատկապէս Իրաքի զարգացումներէն եւ անոնց վտանգաւոր հետեւանքներէն մեկնած:
«Մենք ութ տարի առաջ զգուշացուցած ենք այսօր տիրող պայմաններէն եւ կը շեշտենք, որ մենք Լիբանանի շահերուն համար է, որ կը պայքարինք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս առումով իրենք պիտի շարունակեն ազգային միացեալ տեսլականի մը մասին մտածել:
Քանաան ըսաւ նաեւ, որ համախմբումը քննարկած է ներքին լիբանանեան հարցեր` յոյս յայտնելով, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն միջեւ գործակցութիւն արձանագրուի:
Ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն առումով Քանաան նշեց, որ անոնց շուրջ համաձայնութիւն մը նախատեսելի է:
Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ ամէն բան հանդարտ ըլլար, ինք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպում մը պիտի չունենար: Ան ըսաւ, որ երկու կողմերը փափաքած են, որ իրենք հանդիպում մը ունենան, հետեւաբար այդ հանդիպումը տեղի ունեցած է Հռոմի մէջ:
Նախագահական ընտրութեան մասին զօր. Աուն յայտնեց, որ անիկա կը կատարուի ներքին համախոհութեամբ` ի նպաստ հզօրագոյնին եւ ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելով:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ օրին զօր. Միշել Սլէյմանի համար իրենց յատկացուցած քուէն մեծագոյն սխալն էր, որովհետեւ անոր օրով Լիբանան անցուց վատագոյն հանգրուանը:

