Պըրրի. «Այս Օրերուն Կ՛ափսոսանք Սայքս Փիքոյի Վրայ»

Ղանեմ, Պըրրի եւ Սալամ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր խորհրդարանին մէջ պիտի նախագահէ նախագահական ընտրութեան նիստին:
Միւս կողմէ, երէկ Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Արաբական խորհրդարաններու համադաշնակցութեան նախագահ, Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմը եւ անոր ընկերակցող խորհրդարանական պատուիրակութիւնը:
Ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ մեծ թիւով պետական պաշտօնատարներու, Պըրրի ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Քուէյթի պատուիրակութեան:
Ճաշկերոյթին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանն ու Քուէյթը երկուորեակներ են` դրուատելով անոր դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ի գործ դրած ճիգերը` արաբական սահմանակից երկիրներուն միջեւ վստահութիւնը վերահաստատելու:
Պըրրի ըսաւ, որ այս օրերուն իրենք կ՛ափսոսան Սայքս Փիքոյի վրայ: «Եթէ արաբները զէնքի վրայ մսխած իրենց գումարներուն մէկ տասներորդը մսխէին ամրապնդելու համար իրենց երկիրներուն ժողովրդավարական կարգերը, ապա այդ ժողովրդավարութիւնը զիրենք պիտի պաշտպանէր աւելի քան զէնքերը, որոնք թշնամի Իսրայէլի դէմ չեն գործածուիր», յայտնեց ան:
Պըրրի ցաւ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր արաբական երկրի մէջ կան սադրանքի սերմեր, որոնց լաւագոյն խորագիրը Իրաքն է:
Միւս կողմէ, Պըրրի Ռամատանի առիթով հեռագիր մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն:

