2014-ի Մոնտիալ. Քոյենթրաու Եւ Ալմէյտա Առնուազն 10 Օր Պիտի Բացակային Դաշտերէն

1706coentraoՓորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի ֆութպոլիստներ Ֆապիօ Քոյենթրաօ եւ Ուկու Այմէյտա, որոնք նախանցեալ օր Գերմանիոյ դէմ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի մրցաշարքին ծիրին մէջ իրենց կատարած մրցումին ընթացքին վիրաւորուելով չկրցան հանդիպումը շարունակել, առնուազն 10 օր պիտի բացակային դաշտերէն:

Փորթուգալի խումբին բժիշկներուն համաձայն, անոնք ստացած են ոտքի մկանային վնասուածք:

Ասիկա կը նշանակէ, որ Փորթուգալ Ա. հանգրուանի իր մնացեալ երկու մրցումները պիտի շարունակէ առանց վերոնշեալ երկուքին, երբ ճակատի Միացեալ Նահանգներու (22 յունիս) եւ Ղանայի (26 յունիս) դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES