Իվան Ռաքիթիչ Միացաւ Պարսելոնայի
Պարսելոնայի պաշտօնական կայքին համաձայն, Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Սեւիլլայի միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ պիտի կրէ ակումբին շապիկը: Երկու կողմերը իրարու հետ կնքեցին պայմանագիր մը, որ պիտի երկարի մինչեւ 2019:
Ըստ կնքուած համաձայնագիրին, Պարսելոնայի Բ. խումբի 20 տարեկան յառաջապահ Տենիս Սուարես, երկու տարեշրջանի համար փոխ պիտի տրուի Սեւիլլայի:
26 տարեկան Ռաքիթիչ, 2011-2014 տարեշրջանին ելոյթ ունենալով Սեւիլլայի հետ, 117 մրցումի ընթացքին նշանակեց 27 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

