2014-ի Մոնտիալ. «Անգլիոյ Դէմ Կազմ Ու Պատրաստ Եմ» Կ՛ըսէ Սուարեզ
Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ամբողջութեամբ կազմ ու պատրաստ է, երբ իր կազմը հինգշաբթի, 19 յունիսին, ճակատի Անգլիոյ դէմ` 2014-ի Մոնտիալի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Լիվըրփուլի յառաջապահը, որ Ուրուկուէյի կատարած առաջին մրցումին (Քոսթա Ռիքայի դէմ) բացակայ էր` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, այժմ կը յայտնէ, որ 100 առ հարիւր պատրաստ է իր խումբին հետ դաշտ ներկայանալու այս կարեւոր մրցումին նկատի ունենալով, որ իր կազմը առաջին մրցումին պարտուեցաւ (Անգլիոյ նման) եւ անպայման երեք կէտի պէտք ունի մրցաշարքը շարունակել կարենալու համար:
CATEGORIES Մարզական

