Լիբանանեան Պասքեթպոլ Ռիատի Պէյրութ Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

PROFOTO

PROFOTO

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի 6-րդ մրցումը` Սաժես Պէյրութի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ:

Ռիատի Պէյրութ, որ նախքան այս մրցումը 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցը, 57-50 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով: (19-7, 29-18, 40-37 եւ 50-57) եւ 4-2 արդիւնքով գերազանցելով «Կանաչներ»-ը, հանդիսացաւ 2013-2014 տարեշրջանի Լիբանանի տղոց ախոյեան:

Ռիատիէն Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը` 15 կէտ եւ 13 ռիպաունտ:

Մրցումին աւարտին Ռիատի Պէյրութ ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Ուալիտ Նասսարէն:

Share this Article
CATEGORIES