2014-ի Մոնտիալ. Փոտոլսքի. «Եթէ Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսանանք, Ապա Այդ Տիտղոսը Պիտի Նուիրենք Շումախըրին»

1706podolski«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի նախկին ախոյեան գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի մահաքունէն դուրս գալու լուրը մեծ ուրախութիւն պատճառեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին:

Այս կարեւոր իրադարձութեան աւետիսը ուրախացուց Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Արսենալի միջնապահ Լուքաս Փոտոլսքին:

«Շումախըր իմ շատ լաւ ընկերս է: Ուրախ եղանք անոր լաւ լուրը լսելով: Նախքան Փորթուգալի դէմ մրցումը այդ լուրը լսելով շատ աւելի լաւ տրամադրութեամբ մօտեցանք այդ մրցումին: Եթէ աշխարհի ախոյեան հանդիսանանք, ապա այդ տիտղոսը պիտի նուիրենք Շումախըրին», ըսաւ Փոտոլսքի` իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES