Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ծով… Արեւ… Պղնձագոյն Մորթ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1

7cc6773fc9Երբ երկինքը ամպոտ է, արեւահար ըլլալու վտանգ չկայ:

Սխա՛լ: Ամպերը որոշ տոկոսով մը կը պաշտպանեն մեզ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն. հետեւաբար բոլոր նախզգուշութիւնները պէտք է առնել նոյնիսկ ամպոտ օդին:

2

Երբ հովանոցի տակ եմ, 100 տոկոսով պաշտպանուած եմ:

Սխալ: Ճիշդ է, որ հովանոցը մասամբ կը պաշտպանէ արեւէն, սակայն գետնի աւազը ճառագայթներուն մէկ մասը ետ մեզի կը ղրկէ. հետեւաբար պէտք է պաշտպանուիլ նոյնիսկ հովանոցի տակ:

3

Օրուան որոշ ժամերուն արեւը ա՛լ աւելի վնասակար է:

Ճիշդ: Ժամը 12:00-էն յետմիջօրէի ժամը 4:00-ը անդրմանիշակագոյն ճառագայթները չափազանց զօրաւոր կ՛ըլլան եւ մանաւանդ` վտանգաւոր: Եթէ այս ժամերուն ծովափը գտնուիք, պաշտպանուեցէք յատուկ սերերով, արեւի ակնոցով եւ գլխարկով:

4

Կարգ մը ուտելիքներ կ՛օգնեն, որպէսզի մորթը լաւ գոյն առնէ:

Ճիշդ: Յատկապէս` ստեպղինը, ծիրանը, լոլիկը, սեխը…

5

Երբ ջուրին մէջ ենք, արեւահար ըլլալու վտանգ չկայ:

Սխալ: Թաց մարմինը ա՛լ աւելի զգայուն կ՛ըլլայ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու թափանցումէն, իսկ ջուրի կաթիլները խոշորացոյցի դեր կատարելով` աւելի եւս կը շեշտեն ճառագայթներուն ազդեցութիւնը:

6

Երբ մորթը պղնձագոյն դարձած է, ալ կարելի է պաշտպանող սերերէն հրաժարիլ:

Սխալ: Երբեք պէտք չէ դադրիլ արեւէն պաշտպանող սեր գործածելէ, բայց կարելի է փոխել սերին տեսակը, որուն վրայ նշուած կ՛ըլլայ պաշտպանութեան աստիճանը: Հոս կ՛արժէ նշել, որ արեւէն պաշտպանող սերերը կը կրեն որոշ յապաւումներ եւ թիւեր, որոնք ցոյց կու տան անոնց պաշտպանութեան աստիճանները: Կարելի չէ նոյն սերը գործածել ծովափ երթալու առաջին երեք օրերուն եւ շաբաթ մը ետք:

7

Արեւը մորթին բշտիկները դարմանող միակ դեղն է:

Սխալ: Եթէ արեւը կը չորցնէ եւ ժամանակաւորապէս կը չէզոքացնէ բշտիկները, անգամ մը որ մորթը իր նախկին գոյնը վերագտնէ, բշտիկները կը վերայայտնուին:

8

Ծովափը ժամը անգամ մը պէտք է վերանորոգել արեւէն պաշտպանող սերը:

Ճիշդ: Արեւը, հովը, աւազն ու ջուրը պատճառ կ՛ըլլան, որ սերը իր ազդեցութիւնը կորսնցնէ, հետեւաբար թելադրելի է ժամը անգամ մը կրկին սերով օծուիլ:

 

Առողջապահական

Ի՞նչ Է Արեւահարութիւնը

femme-sous-le-soleilԱրեւահարութիւնը առաջին աստիճանի մորթի այրուածք է, որուն պատճառը չափազանցուած ձեւով արեւին ճառագայթներուն պարզուիլն է գեղեցիկ գոյն ստանալու նպատակով:

Արեւահարութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մորթին վրայ կարմիր արատներ յայտնուին եւ խնդրոյ առարկայ անձին ցաւեր պատճառեն: Այս արատները կը յայտնուին արեւին պարզուելէ քանի մը ժամ ետք, ապա մորթը կը սկսի կեղուըուիլ:

Աւելի յառաջացած պարագաներու մորթին վրայ կը յայտնուին ուռեցքներ. պէտք չէ զանոնք պայթեցնել, որպէսզի բորբոքում չյառաջանայ:

Արեւահարութիւն մը միջին հաշուով 2-3 օր կը տեւէ. զայն դարմանելու համար պէտք է մորթը ծեփել յատուկ սերով, հրաժարիլ արեւին պարզուելէ եւ չփորձել պայթեցնել մորթին վրայ յայտնուած ուռեցքները:

Արեւահարութիւն մը շատ աւելի ծանր կրնայ ըլլալ, եթէ արեւին վնասակար ճառագայթները թափանցած ըլլան մորթին խոր խաւերը. նման պարագայի անպայման բժիշկին պէտք է դիմել:

Արեւահարութիւնը, յաճախակի կրկնուելու պարագային, կրնայ խնդրոյ առարկայ անձին մօտ մորթի քաղցկեղ յառաջացնել:

Փաստուած է, որ բաց գոյն մորթ ունեցող անձերը աւելի զգայուն են արեւի ճառագայթներուն եւ աւելի ենթակայ` արեւահարութեան:

Խունկը` Քաղցկեղի  Դէմ Պայքարի Նոր Միջոց

4666_ladan-2512-LNԼեաթերա համալսարանի գիտնականները կը պնդեն, որ խունկը օժտուած է զարմանալի յատկութեամբ. անիկա կ՛օգնէ քաղցկեղի դէմ պայքարին:

Խունկը ունի հակաբորբոքային յատկութիւն: Գիտնականները խունկը փորձարկած են քաղցկեղի բջիջներու վրայ եւ պարզուած է, որ անիկա կը սպաննէ վերոյիշեալ բջիջները: Խունկը յատկապէս օգտակար է ձուարանի քաղցկեղի պարագային:

Խունկը կ՛օգտագործուի ոչ միայն կրօնական ծիսակատարութիւններուն, այլեւ` գեղեցկագիտական արտադրութիւններու պատրաստութեան մէջ: Անցեալին խունկը կ՛օգտագործուէր ժողովրդային բժշկութեան մէջ:

Վերջապէս նշենք, որ խունկին ծուխը ունի նաեւ հակաընկճախտային ազդեցութիւն:

Ինչո՞ւ Կարեւոր Է Մաքրել Լեզուն

nettoyer-la-langue-223x300Օրական լեզուն մաքրելը անհրաժեշտ է բերնին խոռոչը մաքուր եւ առողջ պահելու համար:

Լեզուին ետեւի մասին վրայ «կը բնակին» վնասակար մանրէներ, որոնք յաճախ բերնէն գէշ հոտ գալու պատճառ կը դառնան: Եթէ օրական մաքրէք ձեր լեզուն, կը վերացնէք նաեւ ակռաներու վրայի նստուածքը, մանրէները, սնունդի մնացորդները, իսկ շնչառութիւնը կը դառնայ թարմ:

Լեզուն ճիշդ ձեւով մաքրելու համար պէտք է գնել այդ նպատակին ծառայող յատուկ իր մը, որ կարելի է գտնել հանրախանութներու կամ դեղարաններու մէջ: Լեզուն պէտք է մաքրել սահուն, նուրբ շարժումներով, սկսելով ներսէն դէպի ծայրամաս: Թելադրելի է վերջաւորութեան բերանը ողողել համապատասխան հականեխիչ հեղուկով:

Աղը` Ընկճախտի Դէմ

axԱղի մեծ քանակը մեր օրկանիզմին մէջ կը վնասէ առողջութեան, իսկ անոր պակասը լուրջ անդրադարձ կ՛ունենայ մեր հոգեվիճակին վրայ:

Միացեալ Նահանգներու գիտնականներ փորձ մը կատարած են մուկերու վրայ: Գիտնականները զանոնք բաժնած են երկու խումբերու, մէկ խումբին տուած են աղի բնական քանակ պարունակող սնունդ, միւս խումբին` գրեթէ անլի սնունդ:

Փորձէն քանի մը շաբաթ ետք, այն մուկերը, որոնց տրուած էր անլի կերակուր, արձանագրած են ֆիզիքական գործունէութեան նուազում: Նոյն խումբին մօտ նկատուած է նաեւ ընկճախտի նախանշաններ, զբաղումներ, որոնք նախապէս հաճելի էին, արդէն դարձած են նուազ գրաւիչ եւ մուկերը օրէ օր նուազ ժամանակ կը տրամադրէին այդ զբաղումներուն:

Աղի պակասը նման ազդեցութիւն կ՛ունենայ նաեւ մարդու օրկանիզմին վրայ: Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդիկ միշտ ալ աղի մեծ քանակութիւն կ՛օգտագործեն, քան ինչ որ բժիշկները կը թելադրեն: Իսկ վիճակագրական տուեալներով, մենք օրական կ՛օգտագործենք 10 կրամ աղ, իսկ բնական քանակը 4-8 կրամն է:

Հաւկիթը Կը Բարելաւէ Յիշողութիւնը

4957_458-1-f--LNԱմերիկացի գիտնականները կը պնդեն, որ հաւկիթի պարբերաբար օգտագործումը կրնայ կանխել յիշողութեան կորուստի գործընթացը:

Հետազօտութեան մը ընթացքին կամաւորներուն կէսը իրենց ամէնօրեայ սննդակարգին մէջ ներառած են հաւկիթ, իսկ մասնակիցներու միւս հատուածէն պահանջած են սննդակարգէն բացառել հաւկիթը: Բոլոր մասնակիցներուն հետ յիշողութեան քննութիւն մը անցընելէ ետք պարզուած է, որ անոնք, որոնք հաւկիթ չեն կերած, յիշողութեան յստակ բացթողումներ ունեցած են, ի տարբերութիւն անոնց, որոնք ամէն օր հաւկիթ կերած են:

Գիտնականները հաւկիթի օգտագործման դրական անդրադարձը ուղեղին վրայ բացատրած են անով, որ այդ սննդամթերքին մէջ առկայ են երկու անթիօքսիտաններ:

Նշենք, որ այլ հետազօտութիւններ անցեալին ցոյց տուած են, որ հաւկիթը դրական ազդեցութիւն ունի մեր մտաւոր կարողութիւններուն վրայ:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 

2 Արդէն երկարավիզ մոյկերուն եղանակը վերջացած է: Որպէսզի զանոնք լաւ վիճակով պահէք եւ յառաջիկայ ձմեռ նորի պէս վերագտնէք, իւրաքանչիւրին մէջ մէկական կերպընկալէ շիշ զետեղեցէք, որպէսզի ծալքեր չկազմուին:

2
Արդէն երկարավիզ մոյկերուն եղանակը վերջացած է: Որպէսզի զանոնք լաւ վիճակով պահէք եւ յառաջիկայ ձմեռ նորի պէս վերագտնէք, իւրաքանչիւրին մէջ մէկական կերպընկալէ շիշ զետեղեցէք, որպէսզի ծալքեր չկազմուին:

Եթէ չենք ուզեր, որ ճաշի պատրաստութեան ժամանակ դգալը սահի ու կաթսային մէջ իյնայ, պարզապէս կրնանք լաթակալի մը միջոցաւ դգալը տեղը հաստատ պահել:

Եթէ չենք ուզեր, որ ճաշի պատրաստութեան ժամանակ դգալը սահի ու կաթսային մէջ իյնայ, պարզապէս կրնանք լաթակալի մը միջոցաւ դգալը տեղը հաստատ պահել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4 Թուղթէ թաշկինակի պարապ տուփերը մի՛ թափէք, զանոնք օգտագործեցէք խոհանոցը, շուկայի կերպընկալէ տոպրակները անոնց մէջ տեղաւորելու համար: Այսպիսով, տոպրակները մէկիկ-մէկիկ դուրս կը քաշէք եւ կը գործածէք:

4
Թուղթէ թաշկինակի պարապ տուփերը մի՛ թափէք, զանոնք օգտագործեցէք խոհանոցը, շուկայի կերպընկալէ տոպրակները անոնց մէջ տեղաւորելու համար: Այսպիսով, տոպրակները մէկիկ-մէկիկ դուրս կը քաշէք եւ կը գործածէք:

3 Որպէսզի կանաչ սոխը երկար դիմանայ, զայն գլխիվար զետեղեցէք  պաղ ջուրով լեցուն ապակեայ շիշի մը մէջ:

3
Որպէսզի կանաչ սոխը երկար դիմանայ, զայն գլխիվար զետեղեցէք պաղ ջուրով լեցուն ապակեայ շիշի մը մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Մածունով Դդում

DSCN2056Բաղադրութիւն

3-4 դդում (կլոր շերտուած)
3 հատ կանաչ սոխ (մանր մանրուած)
2 ապուրի դգալ չոր անանուխ
1/2 ապուրի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
1/2 ապուրի դգալ աղ
1/2 ապուրի դգալ սեւ, աղացուած պղպեղ
Քառորդ գաւաթ ձէթ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել վերը յիշուած բաղադրութիւնները:

Ափսէի մը յատակը ձէթով ծեփել եւ խառնուրդը ափսէին մէջ տարածել:

Եփել 180 ջերմաստիճանով` 25-30 վայրկեան:

Հրամցնել` վրան կամ կողքին սխտոր-մածուն աւելցնելով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ատում Եմ

Ատում եմ
Ովքեր ուրիշի տուածն են քանդում`
Իրենց պէտք եղած գերանի համար.
Ովքեր ուրիշի ծառերն են ջարդում`
Մի բուռ չհասած ծիրանի համար,
Ովքեր համայնքի ծովից են խօսում,
Բայց դէպի իրենց լճակն են հոսում.
Ատում եմ նաեւ այն խելօք սուսիկ – փուսիկութիւնը,
Որտեղ դժուար է տարբերել անգամ երեսն աստարից.
Ինչ խօսքեր ասեմ ես այն ձեռագրին,
Որ չի հասկացւում, բայց կարդացւում է…
Ինչքան բան կայ կեանքում ատելի
Ես չգիտէի…

Պ. ՍԵՒԱԿ

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES