50 Տարի Առաջ (19 Յունիս 1964)
Սպառազինութեան
Վիթխարի Ծախսերը
913 Միլիառ Տոլար 15 Տարուան Մէջ
Մարդկութիւնը 200 Տարի Կրնար Ապրիլ Այդ Գումարով
Հիւսիսային Ատլանտեան դաշնագրի կազմակերպութիւնը` ՕԹԱՆ, հիմնուած է 4 ապրիլ 1949-ին: Այս 15 տարիներու ընթացքին անոր անդամ երկիրներուն զինուորական ծախսերը, բաղդատական գիներով, 913 միլիառ տոլարի բարձրացած են: Այս վիթխարի գումարին մէջ Մ. Նահանգներուն բաժինը 75 առ հարիւր է:
Յետպատերազմեան 15 տարիներու ընթացքին պատերազմի պատրաստութեան ու զանազան պատերազմներ մղելու համար 1.5 անգամ աւելի դրամ ծախսած է, քան` ամբողջ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ատեն: Ուղղակի ծախսերը միայն, առանձին առած, ամերիկեան պիւտճէին կէսէն աւելի քան յիսուն միլիառ տոլար են: Յատկանշական է, որ քաղքենի մամուլն անգամ «թնդանօթի, հրթիռի ու ծովուժի պիւտճէ» կը կոչէ ամերիկեան պիւտճէն:
Զինուորական ծախսերու մակարդակով ու բացարձակ գումարով երկրորդ տեղը Անգլիան կը գրաւէ: Անոր զինուորական պիւտճէն գրեթէ երկու միլիառ սթերլինի կը հասնի: 1963-1964 Անգլիոյ զինուորական ծախսերը 5 միլիառ 35 միլիոն սթերլին պիտի ըլլան, այսինքն իւրաքանչիւր երկվայրկեանի մէջ` 60 սթերլին:
Արեւմտագերմանացիները մրցանիշ մը հաստատեցին զինուորական ծախսերու աճման թափով: Այսպէս, վերջին ութ տարիներու ընթացքին այդ ծախսերը 200 անգամ աւելցան եւ այս տարի 22,4 միլիառ մարքի պիտի հասնին, ամբողջ պիւտճէին` 37 առ հարիւրը:
Միայն քսաներորդ դարու առաջին կիսուն պատերազմներն ու անոնց նախապատրաստութիւնները արժեցին այնպիսի վիթխարի գումար մը, որ երկրագունդի բոլոր երկիրներուն տարեկան ազգային եկամուտներուն 12-13 անգամէն աւելի է: Այլապէս խօսելով, մարդկութիւնը կրնար ամբողջ 200 տարի ապրիլ այն գումարներով, զորս անկուշտ պատերազմը լափեց ու մսխեց մեր դարու առաջին յիսուն տարիներուն:
Յիսնամեակ Մը
Հայոց Ջարդերը
Ցեղասպանութեան Ահռելի Արարք Մը
Թուրքերը Եւ Հիթլեր
Աթէնքի երեկոյեան օրաթերթերէն «Էսթիա» իր յունիս 4-ի թիւին մէջ վերոյիշեալ խորագրով հրատարակած է հետեւեալ յօդուածը:
Միջազգային մամուլին մէջ շատ բան կը գրուի հիթլերեան վայրագութեանց մասին եւ անշուշտ, բոլորն ալ իրաւացի են, քանի որ մտքերու մէջ դեռ թարմ են հիթլերեան բռնակալներու ըրածները` իրենց կողմէ գրաւուած Եւրոպայի մէջ:
Բայց կան ուրիշ օրինակներ ալ բարբարոսութեանց, գործուած` մեր դարուն, ամբողջ բնակչութեանց դէմ: «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի ընթերցող մը Մասաչուսեցի Քեմպրիճէն (Միացեալ Նահանգներ) Վ. Տատրեան իր հայրենակից հայերու դէմ հիթլերեան վայրագութեանց համազօր վայրագութեանց մեղսակցութեամբ կ՛ամբաստանէ Թուրքիան: Եւ բնական է, որ այդ վայրագութիւնները գան անոնց միտքը, քանի որ յառաջիկայ տարի յիսնամեակն է այդ ողբերգութեան:
*
* *
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի նամակագիրը կը գրէ, թէ հայերը դեռ կ՛ողբան նահատակութիւնը իրենց մէկ միլիոն 250 հազար հայրենակիցներուն, որոնք զոհ գացին ցեղասպանութեան ժամանակակից առաջին օրինակին:
Ողջակիզումէն վերապրողները չունեցան առանձնաշնորհը Նիւրեմպերկի տիպի կամ նոյնիսկ աւելի փոքր դատավարութեանց, որոնց ընթացքին պիտի կրնային դիմակալել իրենց ոճրագործները: Եւ իրենց միակ մխիթարանքը եղաւ անոնց անձկալից փորձութեանց մասին տուեալներ հաւաքելը:
Յատկապէս ուշագրաւ են այս եղերական հարցի կարգ մը իրողութիւնները: Ջարդերը քաջալերուեցան գերմանացիներուն կողմէ, որոնք զինուորապէս կը հակակշռէին թուրքերը` իբրեւ անոնց զինակիցները: Ֆրանսական ասացուածքը` «Գերմանական մեթոտ, թրքական գործ» այս գործակցութեան բնութագրումն է: Եւ կ՛ըսուի, թէ ցեղասպանութեան իր ծրագիրներու մասին իր կարգ մը խորհրդականներու դժգոհութիւնը չէզոքացնել ուզելով` Հիթլեր արհամարհական շեշտով գոչած է` «Բայց այսօր ո՞վ կը յիշէ հայոց ջարդերը», հասկցնել ուզելով, թէ բնաջնջումի իր արշաւն ալ պիտի մոռցուի ժամանակի ընթացքին:
Թոյնպիի, Լորտ Ֆրայսի եւ Թուրքիոյ այն ատենուան ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկընթաուի նման նշանաւոր գրողներ, շատ բան գրած են այս ջարդերուն մասին: Նախագահ Ուիլսընն ալ միջամտեց ի նպաստ հայերուն, բայց իր խօսքը մտիկ ընող չեղաւ:
Յաղթական Դաշնակիցները խուսափեցան այս ոճիրին համար պատժել պարտուած թուրքերը: Եւրոպական դիւանագիտութիւնը անգամ մը եւս խաղաց իր գարշելի դերը, որուն համար Լոյտ Ճորճ պատասխանատուները ամբաստանեց «վախկոտութեամբ եւ անառնական վերաբերմամբ»:
Վ. Տատրեան վերջացնելով` կ՛ըսէ. «Բնական է, որ ասոր համար խոր հիասթափութիւն զգան հայերը, որոնք քանի մը ամիսէն զոհերու յիշատակը պիտի ոգեկոչեն, ողբերգութեան յիսնամեակին առիթով»:

