Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր կարելին ըրէք աշխատանքի մէջ` օրուան պարտաւորութիւնները անսխալ կատարելու: Պիտի օգտուիք ձեր աշխատանքէն եւ պիտի գնահատուիք մեծաւորներէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անտրամադիր պիտի ըլլաք աշխատանքի պահուն: Մի՛ ենթարկուիք ձեր շուրջիններուն խօսքերուն. ըրէք այն, ինչ որ կը թելադրեն ձեր սիրտը եւ խիղճը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անքուն էք, լաւ չէք քնացած: Ձեր տրամադրութիւնը խանգարուած պիտի ըլլայ ցերեկին, աշխատանքի պահուն: Ձեւ մը գտէք հանգստանալու: Կ՛օգտուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճնշուած աշխատանք ունեցած էք, որքան որ կրնաք, հանդարտ մնացէք պահ մը: Ինչ որ կրնաք կատարել թեթեւնալու համար, ըրէք: Երաժշտութիւն լսեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նոր լուր մը եռանդ պիտի ներշնչէ ձեզի, պիտի խանդավառուիք: Աշխատանքը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ: Մնացէք ուրախ տրամադրութեամբ, կ՛օգտուին ձեր շուրջ գտնուողները եւս:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր օգնութեան պիտի դիմեն, ընդառաջեցէք, օգտակար եղէք: Օր մըն ալ դուք կարիքը կ՛ունենաք ուրիշին: Ամէն ինչ փոխադարձ է կեանքի մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրը հանդարտ է ընտանեկան թէ ընկերային կեանքի մէջ: Կատարեցէք ձեր պարտականութիւնը` առանց միջամտելու ուրիշին ըրածին: Եղէք ինքնավստահ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարեւոր աշխատանքներ իրագործած ըլլալու հոգեկան գոհունակութիւնը ունիք: Կրնաք ձեր մօտ հրաւիրել ձեր սիրած անձերը եւ հաճելի պահ ունենալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այն ծրագիրը, որ կը պաշտպանէք, պիտի բախտաւորուի եւ պիտի կարենաք ուրախութեամբ կատարել: Ունիք նիւթական եւ բարոյական ապահով շահեր:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ յուսալքուիք թեթեւ անպատեհութիւններու պատճառով: Անցողակի հարցեր են: Քաջութիւն ունեցէք զսպելու ձեր յուզումը, զուր տեղ մի՛ տխրիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր բարեկամները ձեզ պիտի հրաւիրեն անմոռանալի օր մը անցընելու: Հետեւեցէք անոնց, որովհետեւ նման առիթներ քիչ անգամ կրնաք ունենալ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բազմատեսակ աշխատանք պիտի վստահուի ձեզի, ժամանակ պիտի ունենաք զանոնք իրագործելու եւ արժանանալու դրուատիքի: Մնացէք նոյն ոգեւորութեամբ:

