Ախալքալաքի «Ոչ Խորհրդարանական Կուսակցութիւն» Ընդդիմադիր Դաշինքը Կը Պահանջէ Նոր Քաղաքապետական Ընտրութիւններ Կատարել
«Ջաւախքմետիա» կայքը կը հաղորդէ, որ 17 յունիսին Ախալքալաքի մէջ բողոքի հաւաք տեղի ունեցած է` տեղական ինքնակառավարման մարմիններու 15 յունիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն հրապարակման հարցով:
«Ոչ խորհրդարանական կուսակցութիւն» դաշինքի ղեկավար Քախա Քուքաւա եւ Մանանա Նաճղեպիանի, ինչպէս նաեւ դաշինքի տեղական ղեկավարներ ու Ախալքալաքի շարք մը բնակիչներ հաւաքուած են թիւ 40 շրջանային ընտրատեղամասին մօտ: Ցուցարարները պահանջած են իրենց դաշինքին արձանագրած բողոքներուն հիման վրայ Ախալքալաքի շրջանին մէջ ընտրութիւնները անվաւեր նկատել:
Քախա Քուքաւա յայտարարած է, որ իշխանութիւնները ընտրութիւններու աննախադէպ եւ համատարած խախտումներ կատարած են եւ մօտ 2000 քուէաթերթեր արձանագրուած են անվաւեր, երբ Վրաստանի ամբողջ տարածքին մէջ կարելի է միայն 1500-2000 քուէաթերթիկ անվաւեր նկատել: Ըստ Մանանա Նաճղեպիանիի, երբ մէկ շրջանի մէջ ձայներու հաշուարկման ընթացքին կ՛արձանագրուի 2000 անվաւեր քուէաթերթիկ, ատիկա կը նշանակէ, որ մէկուն պէտք էր շատ արագ փճացնել քուէաթերթերը, արագ գծելով նաեւ մէկ ուրիշ թիւ նոյն քուէաթերթերու վրայ:
Ըստ «Ոչ խորհրդարանական կուսակցութիւն» դաշինքի Ախալքալաքի ընտրական գրասենեակի ղեկավար Մելիք Ռայիսեանի, բազմաթիւ ընտրատարածքներու մէջ իրենց ներկայացուցիչներուն դուրս հրաւիրած են ձայներու հաշուարկի ժամանակ, որուն իբրեւ հետեւանք յառաջացած են այդքան անվաւեր քուէաթերթեր: Ըստ անոր, իրենց դաշինքը ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրած է բազմաթիւ խախտումներ, որոնք փոխանցուած են տեղական ընտրական յանձնախումբին:

