Հարաւային Օսեթիան Ճանչցած Է Լուկանսքի Ժողովրդային Հանրապետութեան Հանրաքուէի Արդիւնքները

1806LuganskՀարաւային Օսեթիոյ նախագահ Լէոնիտ Թիպիլով յայտնած է, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ չճանչցուած Հարաւային Օսեթիան ճանչցած է արդիւնքը ինքնահռչակ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան հանրաքուէին, որ կայացած էր մայիսին:

«Յարգելով Լուկանսքի Ժողովրդային Հանրապետութեան ժողովուրդին կամքի արտայայտութիւնը` հանրապետութիւնը կը ճանչնայ հանրաքուէին արդիւնքները», ըսած է ան:

Մեկնաբանելով Լուկանսքի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի դիմումը հանրապետութիւնը անկախ ինքնիշխան պետութիւն ճանչնալու մասին` Հարաւային Օսեթիոյ նախագահը յայտնած է. «Հանրապետութիւնը պատրաստ է կառուցողական որոշում տալու եւ պիտի ղեկավարուի միջազգային իրաւունքի համընդհանուր ճանչցուած արժէչափերով»:

10 յունիսին Լուկանսքի Ժողովրդային Հանրապետութիւնը դիմած է 15 պետութիւններու` խնդրելով ճանչնալ հանրապետութիւնը:

Դիմումներ ստացած երկիրներու շարքին են Ռուսիան, Հայաստանը, Աբխազիան, Պիելոռուսիան, Վենեզուելան, Ինկուշեթիան եւ Ղազախստանը:

 

Share this Article
CATEGORIES