«Այն Ինչ Որ Տեղի Ունեցաւ Դաւադրութիւն Եւ Շրջանային Սերտուած Ծրագիր Է» Ըսաւ Իրաքի Վարչապետը

Նուրի Մալիքի
Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վստահեցուց, որ Իրաք յաջողած է հարուածն ու կարգ մը զինուորներու եւ հրամանատարներու մօտ հոգեբանական պարտութիւնը յաղթահարել` զգուշացնելով, որ «Ահաբեկչութիւնը այլ երկիրներու պիտի հասնի եւ շրջանային համակարգեր պիտի ցնցէ»:
Ինչ կը վերաբերի մեծն այաթոլլա սէյիտ Ալի Սիսթանիի` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւին մէջ իրաքեան բանակին օժանդակելու կրօնական հրամանագիրին` Մալիքի ըսաւ, որ այդ հրամանագիրը որեւէ ձեւով յարանուանական չէ, եւ շեշտեց, որ իրաքեան բանակին օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնած կամաւորները սիւննիներ եւ շիիներ են, որոնք ճակատամարտի աւարտէն ետք «իրաքեան բանակին սիւնը» պիտի ըլլան:
Մինչ այդ, իրաքեան բանակը յաջողեցաւ վերատիրանալ Իրաքի մեծագոյն քարիւղահանք Պիժիի: Իրաքեան օդուժը ռմբակոծեց Թելաֆրի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը եւ անոր զինեալներուն ստիպեց դէպի Մուսուլի արեւմուտքը գտնուող թաղամասերը նահանջել: Բանակը Պաղտատէն Պալատ երկարող ճամբան առաւ իր վերահսկողութեան տակ: Քերքուքի մէջ փեշմերկաները գրաւեցին նահանգին հարաւը գտնուող Պաշիր գիւղը, ուրկէ վտարեցին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:
Իրաքեան զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարի բանբեր Քասեմ Աթթա յայտնեց, որ իրաքեան ապահովական ուժերը ՏԱՀԵՇ-ին պիտի չարտօնեն իրաքեան ոչ իսկ թիզ մը հողի վրայ մնալ:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտարարեց. «Իրան իր կարելին պիտի ընէ` պաշտպանելու համար Իրաքի մէջ գտնուող սրբավայրերը»: Իրանեան Պասիժ ուժերու հրամանատար Մոհամետ Ռիտա Թաքատի իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն են, որոնք Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը գործի լծած են` օգտուելով իրաքեան կառավարութեան տկարութենէն: Ան ըսաւ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարները քիւրտ ղեկավարներէն պահանջած են իրենց ուժերը հեռացնել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատումներէն, որպէսզի իրենք կարենան կացութիւնը վերահսկել եւ ղեկավարել:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ յայտնեց, որ Իրաքի ներկայ կացութիւնը իր մէջ կը պարունակէ քաղաքացիական պատերազմի մը ազդանշանները, որոնց շրջանին վրայ ունենալիք հետեւանքները կարելի չէ կռահել: Ան դարձեալ իրաքեան կառավարութիւնը ամբաստանեց «յարանուանական գործելաոճ» կիրարկելու յանցանքով: Ան նշեց, որ սուրիական տագնապը կը թուի, թէ նպաստած է Իրաքի իրադարձութեանց:

