Մոսկուա 20 Յունիսին Քիեւէն 75 Միլիոն Տոլարի Վճարում Կ՛ակնկալէ
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ելեւմուտքի փոխնախարար Սերկէյ Սթորչաք լրագրողներուն յայտնած է, որ Մոսկուա 20 յունիսին Ուքրանիայէն 75 միլիոն տոլարի վճարում կ՛ակնկալէ` պարտատոմսերու դեկտեմբերեան թողարկման փակման հաշուոյն:
20 յունիսին, Ուքրանիան պէտք է պարտատոմսերու կէս տարուան համար վճարում կատարէ, որոնց թողարկումը երեք միլիառ տոլարով Ռուսիան ձեռք բերած է 2013-ի դեկտեմբերին:
Բացի ատկէ, Սթորչաք հաղորդած է, որ Քիեւին 15 միլիառ տոլար ելեւմտական օգնութեան երկրորդ բաժինի յատկացումը, որուն մասին համաձայնութիւն գոյացած էր Ուքրանիոյ նախկին նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի օրօք, օրակարգի վրայ չէ:
CATEGORIES Միջազգային

