Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Իրաքի մէջ պատահածը կրնայ փոխադրուիլ Լիբանան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է գործադրել Թաէֆի համաձայնագիրը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կարելի չէ կատարել:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Իրաքի հարցերուն պիտի չմիջամտէ, այնքան ատեն որ կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ ուսուցիչներուն եւ պետական պաշտօնեաներուն տրուելիք աշխատավարձի յաւելումներուն մասին լուրջ քննարկումներ կատարուած են:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, սէուտական պատուիրակութիւն մը շաբաթ, 21 յունիս 2014-ին բացումը պիտի կատարէ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան եղանակին:
ՍԱՅՏԱՅԻ Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին միջամտելու յանցանքով Հըզպալլան մեղադրողը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր կեցուածքները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ մաղթեց, որ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը վաւերացուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնը խորհրդարանին մէջ կը կատարուի եւ ոչ թէ մութ սենեակներու:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու առումով դրական յառաջխաղացք մը արձանագրուած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ զօր. Աուն պէտք է յայտարարէ այն կէտերը, որոնց հիման վրայ ինք պիտի ներկայանայ իբրեւ համախոհական նախագահական թեկնածու:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, կարելի չէ Պաապտայի նախագահական պալատին աթոռը թափուր պահել, պարզապէս որովհետեւ մարոնի երկու ղեկավարներու` զօր. Միշել Աունի եւ Սամիր Ժահժահի միջեւ սուր պայքար կը տիրէ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ արաբական նասըրական ուղեգիծը բնական եւ իսկական պատասխանն է սադրանքներու այս ժամանակաշրջանին:
ՍԱՅՏԱՅԻ միւֆթի շէյխ Ահմետ Նասսար շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կրնայ Լիբանանի հանրապետութեան հզօրագոյն նախագահը ըլլալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ շրջանային եւ միջազգային ազդակները 25 մայիսէն ետք աւելի ազդեցիկ սկսած են դառնալ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ կարող է իշխանութիւն հիմնել եւ առողջ կերպով գործադրել Թաէֆի համաձայնագիրը:

