Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. 2014-2015 Տարեշրջանը Կը Սկսի 16 Օգոստոսին

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 յունիսին, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի 16 օգոստոսին:

Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի իր առաջին մրցումին հիւրը պիտի ըլլայ Նիւքասըլի:

Այնուհետեւ Սիթի հիւրը պիտի ըլլայ Արսենալի, ապա պիտի հիւրընկալէ Չելսին:

Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

Արսենալ – Քրիսթալ Փալաս
Պըռնլի – Չելսի
Լայսթըր Սիթի – Էվըրթըն
Լիվըրփուլ – Սաութհեմփթըն
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Սուանզի
Նիւքասըլ – Մանչեսթըր Սիթի
Քուինզ Փարք – Հալ Սիթի
Սթոք Սիթի – Ասթոն Վիլա
Ուեսթ Պրոմուիչ – Սանտըրլենտ
Ուեսթ Համ – Թոթենհամ

 

Share this Article
CATEGORIES