Փինկ Փոնկ. Փաթրիք Ասսաֆի Անուան Տարեկան 9-րդ Մրցաշարքը` 1-2 Յուլիսին

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, հովանաւորութեամբ Սուրիա – Լիբանան նոր դրամատան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 1-2 յուլիսին վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փաթրիք Ասսաֆի անուան 9-րդ մրցաշարքը:

Տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ դասակարգերու տղոց եւ աղջկանց տարիքային երկսեռ մրցումներ:

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 27 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը` նկատի ունենալով, որ նոյն այս օրը տեղի պիտի ունենայ մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ այս մրցաշարքին, կրնան հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 05-921323 (Ժամհուր վարժարան), 03-868373` Սամիր Շաղուրի, 03-601656` Ֆատի Քիուան եւ 03-240412` Ժոզեֆ Շալհուպ:

 

Share this Article
CATEGORIES