2014-ի Մոնտիալ. Աշխարհի Եւ Եւրոպայի Ախոյեան Սպանիա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն. Հոլանտա Եւ Չիլի Ապահովեցին Յաջորդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Հոլանտայի յաղթական մարզիկները

Հոլանտայի յաղթական մարզիկները

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Հոլանտա թէեւ քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց` 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Աւստրալիան, բայց եւ այնպէս հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը` ցարդ ապահովելով առաւելագոյն 6 կէտը (2 մրցումէ):

Հոլանտայի կոլերը նշանակեցին Արժեն Ռոպեն (20-րդ), Ռոպին Վան Փերսի (58-րդ) եւ Մեմֆիս Տեփէյ (68-րդ), իսկ Աւստրալիոյ կոլերը` Թիմ Քահիլ (21-րդ) եւ Մայլ Ժետինաք (54-րդ` փենալթիով):

Նոյն խմբակին (Բ.) մաս կազմող Սպանիա, որ ճակատեցաւ Չիլիի դէմ, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով անկէ դուրս մնաց մրցաշարքէն: Էտուարտօ Վարկաս (20-րդ) եւ Չարլզ Արանկուիզ (43-րդ) նշանակեցին Չիլիի երկու կոլերը` աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանին դէմ:

Ը. խմբակին մաս կազմող Ռուսիա, որ ճակատեցաւ Հարաւային Քորէայի դէմ, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: 68-րդ վայրկեանին Քէուն-Հօ չի նշանակեց ասիական խումբին կոլը, մինչ 74-րդ վայրկեանին Ալեքսանտր Քերզաքով` Ռուսիոյ հաւասարութեան կոլը:

Էտուարտօ Վարկաս

Էտուարտօ Վարկաս

Պէտք է ըսել, որ Ռուսիոյ բերդապահ Իկոր Աքինֆիեւ գործեց աններելի սխալ մը, երբ դէպի իր բերդը ուղղուող դիւրին գնդակը չկրցաւ զսպել` պատճառ դառնալով այդ կոլին:

Հարաւային Քորէա մրցումին տիրապետեց 54 տոկոսով: Ռուսիա կատարեց 15 ֆաուլ, մինչ Հարաւային Քորէա` 7:

Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

  ԺԱՄ
Քամերուն – Խրուաթիա (Ա. խմբակ) 1:00
Քոլոմպիա – Փղոսկրեայ Ափունք (Գ. խմբակ) 19:00
Անգլիա – Ուրուկուէյ (Դ. ԽՄԲԱԿ) 22:00

 

Ռուս Բերդապահին Աններելի Սխալը

Ռուս Բերդապահին
Աններելի Սխալը

Share this Article
CATEGORIES