2014-ի Մոնտիալի Մրցումները` Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճի Շրջափակին Մէջ
Ինչպէս բոլորին ալ ծանօթ է, ներկայիս աշխարհի ամբողջ տարածքին ֆութպոլասէր հասարակութիւնը զբաղած է 2014-ի Մոնիտալի մրցումներով, որոնք տեղի կ՛ունենան Պրազիլի մէջ:
Նախորդ Մոնտիալներուն նման, այս անգամ եւս, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին, Պրազիլ – Խրուաթիա բացման մրցումէն սկսեալ (12 յունիս) Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի շրջափակին մէջ զետեղուած է հսկայ պաստառ մը, ուր կարելի է դիտել իւրաքանչիւր օր տեղի ունենալիք մրցումները:
Այս Մոնտիալի մրցումները վարժարանի այս շրջափակին մէջ կը դիտուին մեծ խանդավառութեամբ` ի մի խմբելով շրջանի հայութիւնը, եւ ներկաները հոն կ՛ապին իւրայատուկ պահեր:

CATEGORIES Մարզական

