Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Գոռ Գրիգորեան` Պրոնզէ Մետալակիր
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Լեհաստանի Քաթովից քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականին 4 անդամներէն միայն մէկը` Գոռ Գրիգորեան (60 քկ), տիրացաւ մետալի, երբ 5-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Թուրքիոյ ներկայացուցիչէն, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:
Մնացեալ երեքը` Սուրէն Խաչատրեան (74 քկ), Վիքթոր Քակիշվիլի (96 քկ) եւ Մխիթար Գրիգորեան (50 քկ), չկրցան մետալի տիրանալ:
CATEGORIES Մարզական

