Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ կը կասկածիք ձեր մէկ գործակիցին աշխատանքային վերաբերումէն, անկեղծօրէն արտայայտեցէք ձեր միտքը, որպէսզի հանգիստ մտքով աշխատիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երաշխաւոր պիտի ըլլաք անձի մը համար, որ մատնուած է նիւթական անկարողութեան: Ձեր օգնութեամբ ան պիտի կարենայ բնական ձեւով աշխատիլ եւ յաջողիլ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոյն անհամ հարցերու մասին կրկին արտայայտուիլը անհաճոյ տրամադրութիւն կը ստեղծէ ձեր առօրեային մէջ: Մտածեցէք դրական բաներու մասին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
«Մէկ ձեռքով ծափ չի զարնուիր», կ՛ըսէ առածը. ուրեմն գտէք վստահելի գործընկեր մը, որուն հետ պիտի կարենաք ձեր ծրագիրը յաջողցնել: Սիրալիր եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանք միշտ ունիք, դադար մը տուէք եւ օգտուեցէք արեւին բարիքներէն: Բնութիւնը պէտք է ըլլայ ձեր լաւագոյն բարեկամը, որ կ՛օգնէ ձեզի:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Փոփոխութիւն մը կայ ձեր կեանքին մէջ, աշխատանքի կամ անձնական այլ կարգի տեսակէտէն: Պատրաստ եղէք ընդունելու բարեփոխութիւնները, ուրախացէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կ՛ուզէք օգտակար ըլլալ անձի մը, ինչ որ լաւ վերաբերում է. բայց այդ վարմունքը պէտք չէ վնասէ ձեր վարկին եւ աշխատանքին: Ուշադիր եղէք միշտ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդելու նոր առիթ մը հաւանական է: Ամէն պարագայի, պատրաստուեցէք, որպէսզի վերջին պահուն աճապարանք չունենաք եւ բան մը մոռնաք: Օրը օգտաշատ է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անդրադարձէք անցեալին ձեր գործած մէկ սխալին, նոյնը մի՛ կրկնէք, որպէսզի նեղութիւն չունենաք` նիւթական նոր պարտաւորութիւններ ստանձնելու: Միտք պահեցէք այսպիսի թելադրանքներ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բարեկամներէն կամ գործակիցներէն մէկը պիտի անդրադառնայ իր ըրած անհաճոյ վերաբերումին եւ ներողութիւն պիտի խնդրէ: Ներեցէք, անյիշաչար եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գոհունակութեամբ պիտի շարունակէք ձեր աշխատանքը, որ ձեր սրտին կը խօսի: Ձեր մեծերը պիտի նկատեն ձեր նուիրումը եւ պիտի գնահատեն նիւթապէս:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանուկներուն եւ սուրբերուն կատարուած խոստումը անպայման պէտք է կատարուի: Յիշեցէք ձեր կատարած խոստումը երեխաներուն, ըստ այնմ զանոնք տարէք պտոյտի` ամառնամուտի այս օրերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES