50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1964)
Խմբագրական
Ազատութեան Ճանապարհին
(«Արիւնապարտ»-ի Ցուցադրութեան Առիթով)
Երկու շաբաթէ ի վեր Պէյրութի շարժանկարի սրահներէն «Ամփիր»-ը կը յորդի մարդկային բազմութիւններով, գրեթէ բոլորն ալ` հայեր, բոլոր խաւերու եւ հոսանքներու պատկանող հայրենակիցներ` ծեր, երիտասարդ, պատանի, մինչեւ իսկ երեխայ:
Խուռներամ այս բազմութիւնները, որոնց մէջ ապահովաբար քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք քանի մը տարին հազիւ անգամ մը շարժանկարի սրահէ մը մուտք կը գործեն («Յիսուսի ժապաւէնը տեսնելու»), կ՛երթան հաղորդուիլ հոգիին հետ առաքելատիպ հերոսներու, աննման հայդուկներու, որոնք օր մը ինկան հայրենի լեռներու վրայ, Ազատութեան ճանապարհին:
Պատի՜ւ եւ յարգա՜նք ամերիկահայ այն բուռ մը երիտասարդներուն, որոնք ի գին մեծ զոհողութիւններու, անձուկ պայմաններու մէջ յաջողցուցած են հսկայ գործ մը, որուն քարոզչական արժէքն ու տարողութիւնը վեր է ամէն նախատեսութենէ:
Պատի՜ւ ու յարգա՜նք «Արիւնապարտ»-ի այլապէս հայրենասէր հերոսներուն, որոնք պաստառի վրայ վերակենդանացուցած են, հոգ չէ թէ փոքր չափով, պայքարը ժողովուրդի մը, որուն ընտիր զաւակները օր մը զէնքի դիմեցին փշրելու համար վեց դարերու ստրկութեան շղթան:
Հայ վշտի անզուգական երգիչ Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին» հանդիսացած է ներշնչարանը «Արիւնապարտ»-ին, որուն երեւումը մեր պաստառներուն վրայ լաւագոյն քարոզչութիւնն է, որ կրնան ընել մեր ժողովուրդի զաւակները` Հայ դատին ի նպաստ:
Յուզումով ու ազգային հպարտութեամբ կը լեցուի հանդիսատեսը, ժապաւէնին մէկ ծայրէն միւսը, երբ իր աչքին առջեւ կը բացուի մէկն այն դրուագներէն, որոնք օղակ առ օղակ կազմեցին հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարը օսմանեան բռնակալութեան դէմ:
Առաջին փորձ մըն է ասիկա, որուն անպայմանօրէն պիտի յաջորդեն ուրիշներ, աւելի կատարելագործուած, աւելի լայն միջոցներու օգտագործումով, եթէ սփիւռքի հայութիւնը գիտնայ ըստ արժանւոյն քաջալերել այս ձեռնարկը, որ ամէնէն աւելի կը խօսի ժողովուրդի սրտին, անմիջականօրէն հաղորդական է ու տպաւորիչ:
Ազատագրական մեր մարտնչումները անսպառ նիւթ են նման ժապաւէններու պատրաստութեան համար: Մեր աննման ֆետայիներու շարքերուն մէջ, իւրաքանչիւր անվեհեր հայդուկ ժապաւէնի հերոս մը կրնայ ըլլալ` իրական պատկերով, վաւերականօրէն հայադրոշմ:
Յառաջիկայ տարի Մեծ եղեռնի յիսնամեակն է: Սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւնները կը պատրաստուին լաւագոյնս օգտագործել առիթը` արար աշխարհին ծանօթացնելու համար հայ ժողովուրդի արդար դատը, անոր ազատատենչ ոգին եւ իր սեփական հայրենիքի անկախութեան ու ազատութեան համար ամէն տեսակ զոհողութիւններու պատրաստ ըլլալու վճռակամութիւնը:
Ահաւասիկ առիթ մը «Արիւնապարտ»-ի տղոց համար` իրենց հասկցած ձեւով, իրենց ընտրած ճամբով մասնակցելու համազգային այդ պայքարին, ժապաւէնի մը միջոցով, որ Մեծ եղեռնի տխուր պատկերներու կողքին, շեշտէ յարութիւնը հայութեան, կերտումը Հայաստանի պետականութեան, դարաւոր երազներու իրականացումը մայիսեան արեւաշող օրերուն:
Շարժանկարը բազմութիւններու երեւակայութեան խօսող լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, որուն կարեւորութիւնը լաւագոյնս ըմբռնուած է պետութիւններու կողմէ: Մենք ետ պէտք չէ մնանք քարոզչական այդ միջոցին գործածութեան մէջ: «Արիւնապարտ»-ին պէտք է հետեւին ուրիշներ, վստահ ենք` աւելի կատարելագործուած եւ աւելի լայն հնարաւորութիւններով:
Կը յուսանք նաեւ, որ ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակին պիտի զուգադիպի միջազգային պաստառներու վրայ ցուցադրութիւնը Ֆրանց Վերֆելի աշխարհահռչակ գործին` «Մուսա Լերան քառասուն օրեր»-ուն, որուն պատրաստութեան ձեռնարկուած է արդէն ամերիկեան մեծ ընկերութեան մը կողմէ:
Այս ժապաւէնը, իր անհամեմատ ճոխութեամբ եւ անուանի դերասաններու կատարմամբ, շարժանկարի սրահները լեցնող միլիոնաւոր բազմութիւններուն պիտի ներկայացնէ հերոսական ժողովուրդի մը գոյամարտը` համակրանքի եւ յարգանքի զգացումներ արթնցնելով անոնց մէջ դէպի հայ ժողովուրդը:
Մինչ այդ սփիւռքի հայութեան կը մնայ քաջալերել «Արիւնապարտ»-ի յանդուգն երիտասարդներուն առաջին փորձը, որ գերազանցօրէն հայաշունչ է եւ առինքնող:
Նոր սկսանք հասկնալ դարուս պահանջները:
Բայց աւելի լաւ է ուշ, քան` երբեք:

