Հայրենի Հողին Կանչը Զաւարեանականները Արցախ Բերած Է
Արցախցի պատանիները անհամբեր կը սպասեն ամառնային արձակուրդներուն, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին է, որ սփիւռքէն ժամանած երիտասարդներ եւ ուսանողներ Արցախի մէջ կը կազմակերպեն երկշաբաթեայ, երբեմն նաեւ երեք շաբաթ տեւողութեամբ ճամբարներ:
Արդէն 10 տարի է ՀՅԴ Լիբանանի Զաւարեան ուսանողական միութիւնը (ԶՈՄ) Արցախի մէջ կ՛իրականացնէ տարբեր ծրագիրներ, որոնց կարգին նաեւ կը կազմակերպէ պատանեկան ճամբարներ, որոնց կը մասնակցին 9-16 տարեկան պատանիներ:
ՀՅԴ ԶՈՄ-ի կողմէ կազմակերպուած ճամբարներուն աշխարհագրութիւնը շատ յստակ է. անոնք 10 տարի շարունակ գործունէութիւն ծաւալած են եւ ճամբարներ կազմակերպած Քաշաթաղի շրջանի տարբեր համայնքներուն մէջ:
Արցախի եւ առհասարակ հայրենիքի մէջ ճամբարներու կազմակերպումը իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ո՛չ միայն տեղւոյն երիտասարդներուն եւ պատանիներուն, այլ նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներուն վրայ, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ ըլլալով Արցախ կ՛այցելեն:
«Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին ԶՈՄ-ը ճամբարներ կը կազմակերպէ հիմնականին մէջ Քաշաթաղի մէջ», «Ապառաժ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ ԶՈՄ-ի ներկայացուցիչ Լեւոն Աւետանեան: «2013 թուականին ԶՈՄ-ը ճամբարներ կազմակերպած է Մոշաթաղի, Տիգրանաւանի, Սարաթաղի եւ Այգեհովիտի մէջ: Վերջին տասնամեակին ԶՈՄ-ը ճամբարներ կազմակերպած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Իւրաքանչիւր տարի առնուազն երկու կամ երեք շրջաններու մէջ կը կազմակերպուին ճամբարներ: Լիբանանի մէջ մեր տարեկան աշխատանքներու ծրագրաւորման ընթացքին մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք ճամբարներու կազմակերպման ծրագիրին, որ շարունակական բնոյթ պիտի կրէ: Այս տարի ճամբարներ պիտի կազմակերպուին Հայաստանի Կոտայքի մարզին եւ Բերձորի մէջ»:
Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն կողմէ կազմակերպուած ճամբարները, դաստիարակչական կողմ ունենալէ բացի, նաեւ ուսուցողական բնոյթ ունին. «Բնականաբար իւրաքանչիւր ճամբար կ՛ունենայ իր դաստիարակչական բաժինը եւ ժամանցի բաժինը,- ըսաւ Լեւոն Աւետանեան.- ճամբարին ընթացքին երեխաներուն կը բաժնուին շապիկներ, որոնց վրայ պատկերուած կ՛ըլլայ տուեալ տարուան ճամբարին խորհրդանիշը: Ճամբարի առօրեան յագեցած կ՛ըլլայ ուսուցողական ծրագիրներով եւ դասընթացքներով: Սփիւռքի երիտասարդները համակարգիչ, պատմութիւն, անգլերէն եւ այլ նիւթեր կ՛ուսուցանեն արցախցի պատանիներուն: Անոնք նաեւ իրենց փորձառութիւնը կը փոխանցեն տեղւոյն պատանիներուն, իսկ ամէնէն կարեւորը` ճամբարներուն ընթացքին սերտ կապ կը հաստատուի ԶՈՄ-ականներուն եւ Քաշաթաղի շրջանի երեխաներուն միջեւ: Քաշաթաղի մէջ ամէն տարի անհամբեր կը սպասեն ԶՈՄ-ականներու այցելութեան եւ անոնց կազմակերպած ճամբարներուն: Եւ ամէն տարի, երբ նոր խումբ մը կ՛այցելէ Արցախ, երեխաները անուններով կը յիշեն նախորդ տարիներու կազմակերպիչները եւ կը հարցնեն բոլորին մասին: Առհասարակ, Արցախի առնչուած մեր ծրագիրները մինչ օրս սահմանափակուած են ճամբարներու կազմակերպումով, բայց կը կարծեմ, որ զուգահեռաբար այլ ծրագիրներ ալ պիտի մշակուին` Արցախի մէջ կեանքի կոչուելու համար»:
Լեւոն Աւետանեանի համաձայն, զաւարեանականները Արցախ բերած է հայրենի հողին կանչը. «Հայրենի հողին կանչն է, որ զաւարեանականները Արցախ բերած է: Ճիշդ այդ պատճառով է, որ արդէն 10 տարիէ ի վեր անոնք մեծ եռանդով ու խանդավառութեամբ կը սպասեն ամրան, որպէսզի Արցախ գան»:
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ»

