Արուեստի Աշխարհէն. Շէյքսփիրի Ներգործութիւնը` Մերօրեայ Խօսակցութեան Վրայ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՆՈՅՆԻՍԿ ԵԹԷ ԱՆԳԼԻԱԽՕՍՆԵՐ ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ ՈՉ ՄԷԿ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂ ՏԵՍԱԾ ԵՆ, ԱՆՈՆՔ ԾԱՆՕԹ ԵՆ ԿԱՄ ԳՈՐԾԱԾԱԾ ԵՆ ԱՆՈՐ ԲԱՌԵՐՆ ՈՒ ԵԶՐԵՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԱՇՈՒՂԻՆ ՀԱՆՃԱՐԻՆ ԵՒ ՅԱՐԱՏԵՒ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ:
Թերեւս ոմանց համար աննկատ անցաւ Շէյքսփիրի ծննդեան 450-րդ տարեդարձը, սակայն անկասկած ան բառերու տարափ մը պիտի տեղացնէր անոնց գլխուն, որոնց ուշադրութենէն վրիպած էր իր յոբելեանը: «Դուն պալար մըն ես, վարակիչ վէրք մը, կարծրացած քոս մը իմ նեխած արեանս մէջ» խօսքը, որ փոխ կ՛առնենք իր աղջկան` Կոներիլի ուղղուած Լիր արքայի ցասկոտ արտայայտութենէն, բաւարար պիտի ըլլար: Կամ թերեւս ան պիտի նախընտրէր հարցը լուծել որոշ հպարտութեամբ հեռաւորութիւն մը պահելով, «Էզ եու լայք իթ» թատերախաղին մէջ Ժաքի դէմ Օրլանտոյի արձակած նախատինքին պէս. «Իրապէս կը ցանկամ, որ իրարու օտար անձեր ըլլանք»:
Սակայն Շէյքսփիրի նկատմամբ նման ցանկութեան մը իրականացումը մօտալուտ չի թուիր ըլլալ: Այո՛, ճիշդ է, որ անոր ծննդեան տարեդարձը արդէն անցաւ, սակայն կ՛արժէ նշել, թէ աշխարհի տարածքին մարդիկ պահ մը կանգ առին` գէթ յիշելու զայն: Իրօք, աշխարհի վրայ իր կեանքին 52 տարիներուն ընթացքին Շէյքսփիր այնքա՛ն խորախորհուրդ ձեւերով հարստացուցած է անգլերէնը, որ անկարելի է ամբողջութեամբ արժեւորել անոր ներգործութիւնը: Առանց Շէյքսփիրի` անգլերէնի բառապաշարը պարզապէս շատ տարբեր պիտի ըլլար այսօր: Ան մեզի տուած է իւրայատուկ կերպով ցայտուն բառեր` արտայայտելու համար մեր յոյսն ու յուսահատութիւնը, վիշտն ու զայրոյթը, սէրն ու տենչանքը: Նոյնիսկ եթէ չենք կարդացած անոր հնչեակները, չենք տեսած անոր մէկ թատերախաղը կամ ժապաւէնի պատշաճեցումը, հաւանական է, որ անգիտակցաբար մէջբերած ենք զայն. գրեթէ անխուսափելի է այս:
Անշուշտ արուեստագէտներ կը սիրեն Շէյքսփիրէն ներշնչուած գեղանկարներ, օփերաներ եւ պալէներ ստեղծել: Անոր ներգործութիւնը բացայայտ է ժողովրդային, ինչպէս նաեւ բարձրորակ արուեստի վրայ: Երգիչ եւ երգեր գրող երաժիշտ Նիք Լոուի 1970-ական տարիներու «Քրուըլ թու պի քայնտ» երգը, որ կը յամենար մեր ականջներուն մէջ, փոխ առնուած է «Համլեթ»-էն: Դանիոյ իշխանը պալատական մը սպաննելէ եւ մօրը սիրային նոր յարաբերութեան միջամուխ ըլլալէ ետք ներողամտութիւն հայցելու դարձդարձիկ ոճով մը անոր դառնալով կ՛ըսէ. «Պէտք է դաժան ըլլամ` ազնիւ ըլլալու համար» (այսինքն` արարքս կրնայ բիրտ թուիլ, սակայն անոր անդրադարձները յոռեգոյնը պիտի չըլլան, «Ա.»): Համլեթի կը պատկանի նաեւ Ակաթա Քրիսթիի թատերական հռչակաւոր գործին` «Տը մաուսթրեփ» (մուկի թակարդը) վերնագիրը, ինչպէս նաեւ` Ալֆրետ Հիչքոքի լրտեսական ժապաւէնին «Նորթ պայ նորթուեսթ»-ը (հիւսիսի եւ հիւսիս-արեւմուտքի միջեւ ճամբուն կէսը), ապա նաեւ` Տէյվիտ Ֆոսթըր Ուոլըսի իւրայատուկ «Ինֆինիթ Ճեսթ» (զգացական ներդրում` արարքի մը մէջ) վէպին վերնագիրը, Ռութ Ռենտըլի «Փութ ան պայ քանինկ»-ը (նենգաբար դաւադրուած), Ֆիլիփ Ք. Տիքի «Թայմ աութ աֆ ճոյնթ»-ը (իրերը տակնուվրայ են) եւ Ճասփըր Ֆորտի «Սամթինկ ռոթըն»-ը (գարշելի բան մը կայ այստեղ): Այլ խօսքով, «Համլեթ» առանձինը ներշնչման աղբիւր դարձած է գրական այլազան սեռերու, մինչեւ` գրականութեան հեռաւոր անդաստանները:
Ինչ կը վերաբերի Շէյքսփիրի այլ թատերախաղերուն, «Մամֆորտ էնտ սանզ» անգլիական ժողովրդային ռոք նուագախումբը իր «Սայ նօ մոր» (մի հառաչէք այլեւս) ալպոմին վերնագիրը փոխ առած է անոր «Մաչ ատօ ըպաութ նաթինկ» թատրերգութենէն, իսկ «Այրըն մէյտըն» իր «Ուեր իկըլզ տեր» (ուր արծիւները կը ժպրհին) երգին երկրպագուներէն քանի՞ն գիտէ, թէ անիկա մէջբերուած է «Ռիչըրտ Գ.» թատրերգութենէն:
Հռչակաւոր Եզրեր
Այս ուշագրաւ վերնագիրները հազիւ կ՛արտացոլեն Շէյքսփիրի ներգործութիւնը մեր կեանքին մանրամասնութիւններուն վրայ: Եթէ երբեւիցէ «թթուաշի պէս խառնակ էք», սպասած էք «ձեր շունչը բռնած» կամ «վայրի սագեր հալածած էք» (ապարդիւն փնտռտուք), ապա հաւանաբար չէք գիտեր, թէ «Տը թեմփեսթ», «Տը մըրչընթ աֆ Վենիս» եւ «Ռոմէօ էնտ Ճիւլիէթ» թատրերգութիւններէն մէջբերումներ կատարած էք:
Երբ յաջորդ անգամ նախանձին ակնարկէք իբրեւ «կանաչ աչքերով հրէշը», գիտցէք, թէ մէջբերում մը կը կատարէք Օթելլոյի մրցակից Եակոյէն (Շէյքսփիր ի՛նք ինքզինք կը մէջբերէ այստեղ` նախապէս կանաչը նախանձի հետ առնչած ըլլալով իր «Տը մըրչընթ աֆ Վենիս» թատրերգութեան մէջ, ուր Փորշիա կ՛ակնարկէ «կանաչ աչքով նախանձին»):
Դուք ձեզի թոյլ տուէք «բամբասել» եւ յիշեցէք, թէ այս ձեւով մէջբերում մը կը կատարէք «Է միտսամըր նայթց տրիմ» թատրերգութենէն: «Տը պի-օլ էնտ էնտ-օլ» («ասկէ աւելի լաւ չի կրնար ըլլալ) Մաքպեթի բառերն են, երբ ան կը խորհրդածէ Տանքըն թագաւորը սպաննելու մասին, իսկ «ֆեր փլէյ» (արդար վարմունք) բառերը կը լսենք Միրանտայի շրթներէն` «Տը թեմփեսթ» թատրերգութեան մէջ: Նաեւ գիտէ՞ք, թէ Շէյքսփիր ի՛նք յայտնագործած է «նաք-նաք» (թըք-թըք. ո՞վ է ան) անունով ճանչցուած բառախաղերու կատակը` սկովտիական նիւթով այս թատրերգութեան մէջ:
Շէյքսփիրեան կարգ մը եզրեր այնքա՛ն շատ գործածուած են, որ այսօր սովորաբանութիւն կը նկատուին: Վստահաբար դրուատական է այս հաստատումը գրագէտի մը համար, որ շատոնց մահացած է: «Ոսկի սիրտ» մը կը գտնենք «Հենրի Ե.» թատրերգութեան մէջ, իսկ «աշխարհի հանք ոստրէն» (այսինքն` ամէն ինչ կարելի է իրականացնել կամքով)` «Տը մերի ուայվզ աֆ ուինզըր»-ի:
Կեանքը Կը Կապկէ Արուեստը
Շէյքսփիրի աւանդը կը գոյատեւէ ոչ միայն մեր արտայայտութիւններուն մէջ, այլ նաեւ` կեանքը ապրելու եւ ընկալելու մեր փորձառութեան: Եթէ Շէյքսփիր մեզի տուած չըլլար բառերը, արդեօք պիտի կարենայի՞նք շլանալ (պըտեզըլտ), ինչպէս` «Տը թէյմինկ աֆ տը շրու» թատրերգութեան մէջ: Եթէ երբեք ան մեզի սորվեցուցած չըլլար «կլումի» (թախծոտ) բառը, («Թայթըս Անտրոնիքոս»-ի մէջ) արդեօք պիտի կարենայի՞նք այս զգացումը ճանչնալ մեր մէջ: Արդեօք պիտի կարենայի՞նք «քծնիլ» (կրովըլ), ինչպէս` «Հենրի Դ.»-ի մէջ կամ «կեղծ սուրբ»-ի (սանկթիմոնիըս) պատմուճան հագնիլ, ինչպէս ան կը սորվեցնէ մեզի «Տը թեմփըսթ»-ի մէջ:
Վիքթորեան ժամանակներուն ապրած բառագէտ Ֆ. Մաքս Միւլըրի համաձայն, Շէյքսփիր շուրջ 15 հազար բառ օգտագործած է իր թատրերգութիւններուն մէջ: Անոնց մէկ մասը ի՛նք ստեղծած է` միացնելով գոյութիւն ունեցող բառեր եւ օտար լեզուներէ անգլերէնի վերածելով որոշ բառեր: Ի տարբերութիւն` Շէյքսփիրի ժամանակակից թատերագիր Միլթըն գործածած է միայն 8 հազար բառ, իսկ Հին կտակարանը կ՛ընդգրկէ 5642 բառ: Միւս կողմէ` Շէյքսփիրի օրերու անգրաճանաչ երկրագործ մը իր ամբողջ ըսելիքները փոխանցելու համար կը գործածէր հազիւ 300 բառ:
Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ երկու հնավաճառներ յայտարարեցին, թէ ի յայտ բերած են գիրք մը, որ կը հաւատան, թէ Շէյքսփիրի բառարանն է: Գիրքը ծախու դրուած է համացանցի աճուրդի վաճառատան` Ի. Պէյի վրայ եւ ընդօրինակութիւնն է Ճոն Պարեթի «Ալվիրի»-ին. 16-րդ դարու վերջերուն ժողովրդականութիւն վայելող բառարան մը` չորս լեզուներով: Անիկա յատկանշուած է խիտ բացատրութիւններով, սակայն ամէնէն հետաքրքրականը «սալատ» բառն է, որ արձանագրուած է անոր վերջին դատարկ էջին վրայ, ուր կը տեսնենք ֆրանսերէն եւ անգլերէն բառեր, որոնցմէ ոմանք մուտք գործած են Շէյքսփիրի թատրերգութիւններուն մէջ:
Մասնագէտներ տարակարծիք են, թէ այս բառերէն եւ եզրերէն որո՛նք իրապէս կը պատկանին Շէյքսփիրի, եւ թէ` որո՛նք պարզապէս ժողովրդականացած են անոր անմոռանալի դիպաշարներուն մէջ: Վերջին քանի մը տարիներուն հաշուական վերլուծումներ եւ թուային (տիճիթըլ) տեղեկութիւններու շտեմարաններ դիւրացուցած են համակարգիչի միջոցով միաժամանակ հազարաւոր գրութիւններու մէջ բառերու փնտռտուքը, ինչ որ կարգ մը մասնագէտներու քով ստեղծած է այն կարծիքը, թէ հաւանաբար գերագնահատած ենք Շէյքսփիրի ներդրումը անգլերէնի մէջ:
Ամերիկայի Քլերմոնթ ՄքՔեննա քոլեճէն երկու մասնագէտներ 2011-ին հրապարակած են ուսումնասիրութիւն մը, որուն մէջ կը նշեն, թէ հաւանաբար կրկնապատիկ չափով գերագնահատուած է Շէյքսփիրի վերագրուած բառերուն թիւը: Անգլերէնի Օքսֆորտ բառարանը կ՛արտացոլէ այս մէկը. 1950-ական տարիներուն այս բառարանին մէջ Շէյքսփիրի վերագրուած բառերուն թիւը 3200 էր, այժմ անոնք կը գնահատուին շուրջ 2000-ով:
Որոշ դիտանկիւնէ, այս մէկը Շէյքսփիրի իւրայատուկ եւ փարթամ ոճը շատ աւելի տպաւորիչ կը դարձնէ: Անոր լեզուական բառապաշարը աւելի մեծ թիւով բառեր չէր պարունակեր` բաղդատած իր ժամանակակիցներուն: Այսուհանդերձ, անոր գրած պատմութիւններն են, զորս կը շարունակենք յիշել: Կարելի չէ ըսել, թէ 2000 բառը քիչ է, մանաւանդ, երբ անոր բառերուն մեծ մասով յագեցած է մերօրեայ առօրեայ խօսակցական լեզուն:
Կարելի է հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս յաջողած է Շէյքսփիր: Անոր յաջողութիւնը մասամբ արդիւնք է իրեն յատուկ եզրերու գործածութեան: Արդեօք «ֆեշընըպըլ» (նորաձեւութիւն) բառը պիտի արմատանա՞ր մեր բառապաշարին մէջ, եթէ Շէյքսփիր զայն գործածած չըլլար «Թրոլիըս էնտ Քրեսիտա» թատրերգութեան մէջ. «Ժամանակը կը նմանի նորաձեւութեան հետեւող հիւրընկալի մը, որ իրմէ բաժնուող հիւրին ձեռքը կը թօթուէ»: Ապա պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն իրողութիւնը, թէ այս բառերը արտասանուած են անմոռանալի տիպարներու կողմէ. տղամարդիկ եւ կիներ, որոնք հակառակ արտասովոր վիճակներու մատնուելու` ամբողջութեամբ եւ խորապէս մարդկային են իրենց զօրութիւններով եւ տկարութիւններով: Զարմանալի չէ, որ քննադատ Հարըլտ Պլում 1998-ին լոյս տեսած իր գիրքը կոչած է «Շէյքսփիր. մարդկայինին յայտնագործութիւնը»:
Եթէ գրագէտի մը մեծութեան չափանիշը այն է, որ մարդիկ կը շարունակեն կարդալ անոր գործերը, ապա հաւանաբար հանճարի մը չափանիշը նաեւ այն է, որ անոր բառերը կը շարունակուին գործածուիլ:

