Արուեստի Աշխարհէն. Ուիլիըմ Շէյքսփիր` Հանդիսատեսներուն «Հոգեբուժը»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԷԼԻԶԱՊԷԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՆԵՐ «ԿԼՈՊ» ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀ ԿԸ ՓՈՒԹԱՅԻՆ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ ԳՐԱՒՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ԱՅԼ ՊԱՏՃԱՌԸ:

Շէյքսփիրի ժամանակներուն խորհրդատու հոգեբաններ չկային: Սակայն անոնք այնպիսի ժամանակներ էին, ուր կը գերիշխէին համաճարակները, հրապարակային գլխատումները, պատերազմն ու բանտարկութիւնը: Հետեւաբար հանդիսատեսներ հաւանաբար կարիքը կը զգային գօտեպնդումի:

Իսկ այժմ մասնագէտներ կը հաւատան, թէ Շէյքսփիրի թատերախաղերը պարզապէս փախուստ մը չէին տառապանքի եւ կորուստի աշխարհէն, այլ նաեւ կ’օգնէին հանդիսատեսին` դիմագրաւելու իր սեփական ենթագիտակցական աշխարհը, ձեւով մը կանխելով Սիկմընտ Ֆրոյտի աշխատանքը եւ արդի ջղագիտութիւնը:

Նոր ուսումնասիրութիւնը, որուն վերնագիրն է` «Ուիլիըմ Շէյքսփիր իբրեւ հոգեբան», կը զուգադիպի բրիտանացի աշուղին ծննդեան 450¬րդ տարեդարձին:

Անիկա մտածել կու տայ, թէ «Կլոպ» թատերասրահին հանդիսատեսները ինչպէ՛ս կը սորվէին աւելի լաւ հասկնալ իրենք զիրենք` տեսնելով Շէյքսփիրի հզօր թատերախաղերուն բնորոշ թերութիւններով լեցուն եւ կիրքերով վառուած տիպարները:

Փոլ Քոմպէ` այն հոգեբուժը, որ գրի առած է ուսումնասիրութիւնը, կ’ըսէ, թէ Շէյքսփիրի ուշ շրջանի գործերը լեցուն են մարդկային բարդ հոգեբանութեամբ:

Հոգեվերլուծաբաններ միշտ ալ համաձայն գտնուած են, թէ Շէյքսփիրի թատրերգութիւնները կը բովանդակեն բազմաթիւ թաքուն իմաստներ եւ մարդկային վիճակը պեղող խորաթափանց դիտարկութիւններ: Իսկ այժմ նոր ուսումնասիրութիւն մը նաեւ մտածել կու տայ, թէ Շէյքսփիր հաւանաբար նաեւ կանուխ ժամանակներու ջղագէտ մըն էր, որ կ’ապացուցէր, թէ ինչպէ՛ս լեզուն կրնար գործի լծել ուղեղին նշանները:

«Հաու Շէյքսփիր թեմփեսթց տը պրէյն» (Շէյքսփիր ինչպէ՛ս փոթորիկի կը մատնէ ուղեղը) վերնագիրով յօդուածը կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս Շէյքսփիրի քերականութիւնը հանդիսատեսին կը ստիպէ աւելի գործօն դեր ստանձնել` երկխօսութեան մը իմաստը ըմբռնելու մէջ:

Յօդուածին հեղինակները` Լիվըրփուլի մէջ Պանկոր համալսարանէն Ճոն Մուրզ եւ Պարսելոնայի համալսարանէն Փոմփէու Ֆապրա ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս ի տարբերութիւն` սովորական եզրերու` արտասովոր բառեր արտասովոր աշխատանքի կը մղեն ուղեղը:

Շէյքսփիրեան Ասոյթներ

Անզգալաբար կը գործածուին անգլիախօսներու կողմէ.

«Կրին-այտ մոնսթըր». բառացիօրէն` կանաչ աչքերով հրէշը: Կը նշանակէ` նախանձոտ:

«Տը պի¬օլ էնտ էնտ¬օլ». այսինքն` «ասկէ աւելի լաւ չի կրնար ըլլալ»:

«Է սորի սայթ». ցաւալի երեւոյթ:

«Ֆեր փլէյ». արդար վարմունք

«Ին է փիքըլ». այսինքն` խառնակ (խառն թթուաշի պէս):

Share this Article
CATEGORIES