Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռուս Եւ Ֆրանսական Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչները
Ուրբաթ, 13 յունիս 2014-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին` Քիրիլ Ա. պատրիարքին ներկայացուցիչ Արսինի եպիսկոպոսը: Ան վեհափառին փոխանցեց Քիրիլ պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ պարզեց իր առաքելութեան նպատակը: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով ռուս պատրիարքին ներկայացուցիչը` յիշեց, որ երկար տարիներու բարեկամութիւն մը գոյութիւն ունի իր եւ Քիրիլ պատրիարքին միջեւ, երբ իրենք միասնաբար մասնակից կը դառնային Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ժողովներուն: Վեհափառ հայրապետը ապա անդրադարձաւ շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդունեց Ֆրանսայի Բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչ վեր. Փիեռ Լաքոսթը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Ֆրանսայի ունեցած կարեւոր դիրքորոշումներուն:


