Թուրքիան Ու Տահեշ-ը
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
Թուրքիոյ էրտողանեան իշխանութեան համար բոլոր անոնք, որոնք դէմ են Սուրիոյ վարչակարգին, արժանի են դրամի ու զէնքի: ՏԱՀԵՇ-ն ալ անոնցմէ մէկն էր… եւ ինչպէս որ արաբական առածները կ՛ըսեն` «Կախարդին կախարդանքը իր վրայ գործադրուեցաւ եւ թուրքը իր լարած ծուղակին մէջ ինկաւ»: Կարգ մը արեւմտեան աղբիւրներու համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ը արաբական ծոցի երկիրներէն ղրկուած զէնք ու զինամթերքը, դրամն ու օժանդակութիւնը Թուրքիոյ ճամբով կը ստանայ, ինչպէս նաեւ մարզումի բանակավայրեր ունի Թուրքիոյ մէջ, իսկ իր շարքերուն մէջ թուրք զինեալներ ալ անդամագրուած են:
2006-ին Քայիտայի սկզբունքներուն համաձայն հիմնուած ՏԱՀԵՇ-ը (Իրաքի եւ Դամասկոսի կամ (Լեւանթի) իսլամական պետութիւն)-ը հրապարակայինօրէն կը յայտարարէ, թէ իր նպատակը, իսլամական շերիաթի ծայրայեղ մեկնաբանութեամբ, տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ ծայրայեղ իսլամական խալիֆայութիւն ստեղծել է: Իսլամական շերիաթի ծայրայեղ մեկնաբանութեան օրինակ տալու համար պէտք է ըսել, որ ՏԱՀԵՇ-ի իշխանութեան տակ եղած շրջաններուն մէջ ծխախոտ գործածելը մահացու մեղք է: Ծխախոտ գործածողը մահապատիժի կ՛ենթարկուի:
Ուրեմն, հաւատադրժողական ու ծայրայեղ իսլամական ՏԱՀԵՇ-ը, հակառակ որ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը կը վայելէր, վերջերս Իրաքի մէջ սաստկացուցած իր զինուորական գործողութիւններու ծիրին մէջ, Մուսուլի թրքական հիւպատոսարանը գրաւեց, պատանդ բռնեց հիւպատոսարանին աշխատակազմը, ներառեալ` հիւպատոսը, ինչպէս նաեւ` տասնեակ մը Թուրքիոյ քաղաքացիներ:
ՏԱՀԵՇ-ը այս քայլին դիմեց քաղաքական, դաւանաբանական եւ նիւթական նկատառումներէ մեկնած: Նիւթական գետնի վրայ, ան փրկագին ու հսկայական գումարներ կ՛ակնկալէ Թուրքիայէն: Իսկ քաղաքական-դիւանագիտական իմաստով յստակ պատգամ մը կը փոխանցէ Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհին, որ անոր գաղափարախօսութիւնը դէմ է Թուրքիոյ, այսպէս ըսած` «չափաւորական» իսլամութեան, նոյնի՛սկ էրտողանեան «աւանդապաշտ» իսլամութեան եւ կ՛որդեգրէ ծայրայեղական ահաբեկչական եւ այլամերժ ռազմավարութիւն: Աւելի՛ն. ան այս քայլով Թուրքիոյ կը սպառնայ` ամերիկեան ճնշումներուն ենթարկուելով սահմանը չփակելու ՏԱՀԵՇ-ականերուն դէմ:
Թուրքիան եւ ՏԱՀԵՇ-ը առաջին անգամ Սուրիոյ մէջ գտնուող Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր Օսման պէյի դամբարան-ուխտատեղիի հարցով խնդիր ունեցան, երբ ՏԱՀԵՇ-ը Թուրքիայէն պահանջեց սոյն ուխտատեղին պաշտպանելու կոչուած թուրք զինուորները տուն կանչել: Ասոր կողքին, անցեալ տարի Թուրքիա-Սուրիա Ռիհանիյէ սահմանին մօտ երկու անձնասպանական գործողութիւնները ՏԱՀԵՇ-ին մատնահետքերը կը կրէին:
Փաստօրէն, Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ 1208 քիլոմեթր սահման ունեցող Թուրքիան անգամ մը եւս, իր ձախաւեր քաղաքականութիւններուն պատճառով, ուղղակիօրէն առնչակից կը դառնայ տարածաշրջանի բռնկած խնդիրներուն եւ կը վտանգէ իր քաղաքացիներն ու դիւանագէտները:
Այս ծիրին մէջ թէեւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը լիազօրութիւն ստացած է թրքական խորհրդարանէն Իրաք ներխուժելու, սակայն այդ լիազօրութիւնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ պայքարելու համար է, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի համար նոր լիազօրութիւն պէտք է, ինչ որ մինչ օրս չի կատարուիր խորհրդարանին մէջ: Թրքական իշխանութիւնը կը նախընտրէ քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներու դիմել, օգտագործել Մուսուլի մէջ սիւննի ցեղապետներու հետ իր լաւ յարաբերութիւնները եւ հեռու մնալ ուղղակի զինուորական գործողութենէ: Այստեղ նկատելի է, որ Միացեալ Նահանգներու վարչամեքենան ՏԱՀԵՇ-ի իրաքեան գործողութիւններուն հակազդելու կամ կանխելու մասին նախընտրեց առաւելաբար Իրանի հետ քննարկել եւ ո՛չ` ռազմական գործընկեր ու ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ: Ճիշդ է, որ ՕԹԱՆ-ի քարտուղարը անակնկալ այցելութիւն տուաւ Թուրքիա, սակայն, ըստ երեւոյթին, ՕԹԱՆ-ի գլխաւորութեամբ ցամաքային զինուորական քայլերու դիմելը անհաւանական կը թուի այս հանգրուանին:
Թերեւս, մինչ այս յօդուածին հրապարակումը, Թուրքիա-ՏԱՀԵՇ յարաբերութիւնները նոր զարգացում արձանագրեն Մուսուլի թուրք քաղաքացիներուն եւ դիւանագէտներուն առեւանգումին հարցով, այնուամենայնիւ, այս դէպքը անգամ մըն ալ կը հաստատէ, որ տարածաշրջանին մէջ էրտողանեան կառավարութիւնը կործանարար դերակատարութիւն ունի, իր քաղաքացիներն ու դիւանագէտները վտանգելու աստիճան, ինչ որ իր ազդեցութիւնը պէտք է ունենայ օգոստոսին կայանալիք Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն: Աւելի կարեւորը, սակայն, սոյն դէպքերը անգամ մը եւս ՏԱՀԵՇ-ին եւ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներուն ահազանգային վտանգը կը բարձրացնեն` արմատական ու խաւարամիտ գաղափարախօսութիւն տարածելու, ինչպէս նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական կառուցուածքն ու Սայքս-Փիքոյի պայմանագրով գծուած սահմանները փոխելու:
16 յունիս 2014

