Թուրքիոյ Նախագահը Յառաջիկայ 24 Ապրիլին Երեւան Երթա՞յ, Թէ՞ Չերթայ. Թեր Ու Դէմ Կարծիքներ Թրքական Մամուլի Մէջ – Մէկը Կ՛ըսէ, Որ Թուրքիա Պէտք Է Ընդունի Հրաւէրը, Միւսը Կ՛ըսէ, Որ Այս Հրաւէրը Թուրքիան Պզտիկ Ձգելու Համար Է
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Սթար» թերթի կայքէջին վրայ հրատարակուած է Մենսուր Աքկիւնի ստորագրութեամբ յօդուած մը, որ կը քննարկէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած հրաւէրը` յառաջիկայ տարի 24 ապրիլին Երեւան գալու ու հարիւրամեակի հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուելու կապակցութեամբ: Յօդուածագրին կարծիքն այն է, որ Թուրքիա պէտք չէ մերժէ այս հրաւէրը, որովհետեւ այս հրաւէրը Թուրքիան պիտի փրկէ պատմութեան ծանրութիւններէն ու Թուրքիոյ պիտի շահեցնէ բարոյական վարկ մըն ալ: Միայն թէ նախքան Թուրքիոյ նախագահին Երեւան երթալը` պէտք է որ Թուրքիա որոշ քայլեր առնէ 1915-ը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու ակնկալութիւններուն մէջ: Բաւական կնճռոտ ոճով գրուած յօդուածին հեղինակը, վերջին հաշուով, կ՛առաջարկէ, որ Թուրքիա յաջողի իրարմէ անջատել տալ ցեղասպանութեան իրաւական յատկանիշներն ու անոր քաղաքական յատկանիշները: Եթէ ցեղասպանութիւն բառէն վերցուին իրաւական յատկանիշները, եթէ պահուի միայն քաղաքական յատկանիշը, այդ պարագային Թուրքիա կրնայ ընդունիլ, որ 1915-ը ցեղասպանութիւն էր: Ասիկա վարչապետ Էրտողանի կողմէ 23 ապրիլին 1915-ի զոհերուն համար յայտնուած ցաւակցութեան բնական հետեւանքը կ՛ըլլայ: Եւ Թուրքիա, որ վարչապետին այդ յայտարարութեամբ բարոյական վարկ շահեցաւ, առաւել վարկ կը շահի, ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահն ալ հանգիստ հոգեվիճակով Երեւան կ՛երթայ յառաջիկայ 24 ապրիլին: Այլ խօսքով, հեղինակին կարծիքն այն է, որ Թուրքիա պէտք չէ մերժէ Երեւանի հրաւէրը, որ տակաւին պաշտօնապէս Թուրքիա չէ հասած:
Էօմեր Էնկին Լիւթեմի Կարծիքը
ԱՎԻՄ-ի (Եւրասիոյ Հետազօտութիւններու Կեդրոն) անդամ Էօմեր Էնկին Լիւթեմ, որ միշտ պաշտպանը կանգնած է հայկական հարցի մէջ Թուրքիոյ պետական տեսակէտներուն, պատասխանած է վերի յօդուածին ու պաշտպանած է հակառակ տեսակէտը: Ըստ Լիւթեմի, այս հրաւէրը, որ անսովոր բան մը ըլլալով հանդերձ, սպասուած հակազդեցութիւնը տակաւին չէ ստեղծած մամուլին մէջ, շատ նպաստաւոր կերպով կը ղրկուի Թուրքիոյ նախագահութեան: Հակազդեցութիւնը դեռ չէ ստեղծուած, որովհետեւ Թուրքիա ներկայիս կը տառապի այլ խնդիրներէ: Այդ պատճառով ալ մամուլին մէջ գտնուեցաւ անձ մը, որ պնդեց, թէ Թուրքիոյ նախագահը պէտք է երթայ Երեւան, ասիկա մեզ կը փրկէ պատմութեան ծանրութենէն ու արտաքին քաղաքականութեան մէջ ալ մեզի կը շահեցնէ բարոյական վարկ: Հիմնովին սխալ տեսակէտ է այս, որովհետեւ ատիկա մեզ ոչ միայն չի փրկեր պատմութեան ծանրութենէն, այլ նաեւ նոր ծանրութիւններ կը դնէ մեր ուսերուն վրայ: Գալով բարոյական վարկ շահելու խնդրին` արտաքին քաղաքականութեան մէջ բարոյական վարկը չէ՛ որ կը զօրացնէ մեզ, այլ ուժեղ երկիր մը ըլլալն է:
Բոլոր այս տեսանկիւններէն մեկնելով` Էօմեր Լիւթեմ կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ Սերժ Սարգսեանին կողմէ Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած հրաւէրին բուն նպատակն է Թուրքիան պզտիկ թողուլ, Թուրքիան նեղ կացութեան մատնել: Թուրքիա այսպիսի հրաւէր մը եթէ ընդունի, ոչ միայն պիտի խանգարէ սփիւռքահայերու պնդումը, այլ նաեւ պիտի զօրացնէ անոնց այդ պնդումները:
Լիւթեմ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի նախկին երկու նախագահները` Տէր Պետրոսեանն ու Քոչարեանը ուշադիր էին որպէսզի Թուրքիան չգրգռէին Ցեղասպանութեան յատուկ պնդումներով: Սերժ Սարգսեանն ալ սկզբնական շրջաններուն նոյն ուղիէն ընթացաւ, բայց աւելի վերջ ան Ցեղասպանութիւնը սկսաւ գործածել որպէս խաղաքարտ: Հիմա, եթէ նկատի առնուի, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ներկայ գտնուելու կը հրաւիրուի նախագահը երկրի մը, որ Ցեղասպանութիւնը չէ ընդունած, այդ հրաւէրը ուրիշ ի՞նչ կարելի է նկատել եթէ ոչ` Թուրքիան պզտիկ ձգելու խաղ մը:
Լիւթեմ հետաքրքրական պատասխան մըն ալ կու տայ յօդուածագրին այն տեսակէտին, թէ 1915-ը պատմութեան մէկ ծանրութիւնն է մեր ուսերուն վրայ: Թուրքիոյ մէջ քանի՞ հոգի արդեօք իր ուսերուն վրայ կը զգայ հայկական հարցի մը ծանրութիւնը, կը գրէ Լիւթեմ:
Լիւթեմ կը յիշեցնէ նաեւ, որ մինչեւ այսօր 20 երկիրներու խորհրդարանները ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, բայց անոնցմէ ոչ մէկը Թուրքիայէն պահանջած է, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ, հատուցում վճարէ, հողեր վերադարձնէ:
Թուրքիոյ ռազմավարական ուժը արգելք կը հանդիսանայ այսպիսի առաջարկներու: Արդէն Ցեղասպանութեան համար պայման է, որ միջազգային դատարան մը զայն ճանչնայ իբրեւ ցեղասպանութիւն: Լոզանի դաշնագիրն ալ պատերազմի պատճառով որեւէ նիւթական հատուցում չէ նախատեսած: Այլ խօսքով, իրաւական գետնի վրայ հայկական հարց մը չկայ: Լաւ կ՛ըլլայ, որ դէպքերուն նայուի այս տեսանկիւնէն, կ՛եզրակացնէ Էօմեր Լիւթեմ:

