Ըստ Հալաճօղլուի, Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան Անդամներուն 80 Տոկոսը Հայ Է
Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի նախկին տնօրէն եւ այժմ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Եուսուֆ Հալաճօղլու, որ վերջերս պնդած էր, որ եթէ քիչ մը եւս մնար նախկին պաշտօնին վրայ, ապա Հայկական հարցը լուծած պիտի ըլլար, եւ թէ` ամերիկացիներուն դրդումով զինք հեռացուցած են այդ պաշտօնէն, նոր յօդուած մը հրատարակած է «Ատանա Փրես» կայքին վրայ:
Հալաճօղլու կը պնդէ, որ ոչ միայն քրտական դատի գործիչներէն Սըրրը Սաքըք հայ է, այլեւ` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներուն 80 տոկոսը: «Անոնք թրքական անուններ եւ մասնաւորաբար թրքական մականուններ առնելով` իրենք զիրենք թաքցուցած են», կը գրէ ան:
Իր ըսածը փաստելու համար Հալաճօղլու կու տայ անոնց մեծ հայրերուն կամ մեծ մայրերուն անունները, որոնք հայկական անուններ են: Ան կը կրկնէ, որ կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանը եւս հայ է եւ բուն անունով կը կոչուի Արթին Յակոբեան: Իսկ Շեմտին Սաքըք, որուն ծածկանունն է «Փարմաքսըզ Զեքի», նմանապէս հայ է եւ ընդունած է, որ իր մեծ մայրը հայ է: Կուսակցութեան համանախագահ Էմինէ Այնա եւս զտարիւն հայ մըն է` ըստ Հալաճօղլուի:
Այսպէս, Հալաճօղլու իր յօդուածին մէջ մէկ առ մէկ կը շարէ կուսակցութեան անդամակցած մօտաւորապէս 50 անուններ` տալով անոնց մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն անունները: Անշուշտ չենք գիտեր, թէ որքանո՛վ ճիշդ են այս բոլորը: Ստորեւ` քանի մը օրինակներ.
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդներէն` 1959-ին Սիլվան ծնած Սեմրա Պաքըր հայ է: Սեմրայի եղբօր` Օրհան Պաքըրի բուն անունը Արմենակ է:
«Աքսորեալ կառավարութիւն» կազմակերպութեան պատուիրակ Մերիէմ Թապաշ հայ է, անոր մեծ հօր անունը Հոգառ է, իսկ մեծ մօր` Հայկանուշ:
Հալաճօղլու կը շարունակէ ու յաջորդաբար կը շարէ մօտաւորապէս 50 անուններ` ջանալով փաստել, որ քրտական շարժումը իրականութեան մէջ հայկական ծագում ունեցողներու կողմէ գործադրուող շարժում մըն է:
«Հայ Թերթ» կայքը, որ արձագանգ կը հանդիսանայ Հալաճօղլուի սոյն յօդուածին, հեգնանքով կը գրէ, որ այս ծիծաղաշարժ պնդումները եկած են փրոֆեսէօրի կոչում ունեցող անձի մը կողմէ, եւ կ՛աւելցնէ, որ Հալաճօղլուի նմանները անցեալին եւս ըսած են, թէ քիւրտ կոչուած ազգ մը չկայ: «Այս կերպով, Հալաճօղլու կը լուծէ թէ՛ քրտական հարցը եւ թէ՛ հայկական հարցը», կը գրէ «Հայ Թերթ»-ը:

