Թուրքիա Ժապհաթ Նուսրան Դուրս Բերած Է Քայիտայի Առնչուած Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններու Իր Ցանկէն
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ կռուող Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումը դուրս բերած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու իր ցանկէն: Թուրքիոյ կառավարութիւնը հաստատած է որոշումը:
Նշենք, որ Ժապհաթ Նուսրան Եւրոպական Միութեան կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատուի:
Նախկին ցանկի վերջաւորութեան տեղ գտած Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորումը, որ գրաւած է իրաքեան որոշ քաղաքներ, դարձեալ յայտնուած է ցանկի վերջին հորիզոնականին վրայ:
Սակայն «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ թրքական կառավարութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու իր ցանկը բարեփոխելով Ժապհաթ Նուսրան դուրս բերած է «Իրաքի մէջ Քայիտա» խորագիրէն, սակայն զայն պահած է ցանկին վրայ` «Քայիտայի առնչակից կազմակերպութիւններ» խորագիրին տակ: Թուրք դիւանագէտ մը յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր ցանկը բարեփոխած է, որմէ ետք Թուրքիա եւս նոյն քայլը առած է: Բարեփոխումը 18 յունիսին հրապարակուած է Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթին մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ թրքական կառավարութիւնը որոշած է Ժապհաթ Նուսրան դուրս բերել Քայիտայի առնչակից ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկէն եւ զայն նշել իբրեւ անկախ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Մինչ այդ, թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ իսլամական ծայրայեղականներ Իրաքի Քերքուք քաղաքին մօտ առեւանգած են շուրջ 60 անձեր, որոնց շարքին` թուրք աշխատաւորներ:
Փախուստ տալ յաջողած աշխատաւոր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ առեւանգած են 15 թուրք աշխատաւորներ, որոնք Սալահէտտին եւ Քերքուք քաղաքներուն միջեւ գտնուող Տուր գիւղին մօտ հիւանդանոցի մը կառուցման աշխատանքներուն կը մասնակցին:
«Տողան» հաղորդեց, որ առեւանգեալներու շարքին են Փաքիստանէն, Պանկլատեշէն, Նեփալէն եւ Թուրքմենիստանէն աշխատաւորներ: Յստակ չէ, թէ առեւանգումի արարքը ճիշդ ե՛րբ տեղի ունեցած է:

