Մաքսային Միութեան Մէջ Կրնան Արգիլել Բարձրակրունկ Եւ Առանց Կրունկի Կօշիկները

Օլեկ Միխէեւ

Օլեկ Միխէեւ

«Վզկլիատ» կը հաղորդէ, որ Մաքսային միութեան անդամ երկիրներուն մէջ կրնան արգիլուիլ բարձրակրունկ եւ առանց կրունկի կօշիկները:

Ռուսիոյ մէջ «Սփռավետլիւայա Ռոսսիյա» կուսակցութենէն երեսփոխան Օլեկ Միխէեւ համապատասխան դիմում յղած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի ղեկավար Վիքթոր Խրիսթենքոյին եւ պահանջած նոր ուղղամարմնական պահանջներ ներկայացնել կօշիկին, ինչ որ կրնայ յանգեցնել տակի հաստ  մասով ու բարձրակրունկ կօշիկի արգիլման:

Միխէեւ ներկայացուցած է վիճակագրութիւն մը, ըստ որուն, բնակչութեան 40 առ հարիւրը կը տառապի հարթաթաթութենէ: Ատոր պատճառով այս տարի Ռուսիոյ մէջ շատ տղաներ հարթաթաթութիւն ունենալով հանդերձ զօրակոչուած են:

Ան նշած է, որ տղամարդոց համար վտանգաւոր են առանց կրունկի կօշիկներն ու մոքասանները:

Մաքսային միութեան ներկայիս պահանջներ կը ներկայացուին կօշիկի մանրամասնութիւններուն, անջրաթափանցութեան, քիմիական բաղադրութեան, սակայն բնաքիմիական եւ ուղղամարմնական բնոյթի պահանջներ չեն ներկայացուիր:

 

Share this Article
CATEGORIES