Իրաքի Քարիւղի Մեծագոյն Հանքին Շուրջ Բախումները Կը Շարունակուին
Իրաքեան կառավարական ուժերը եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը շարունակեն երկրին քարիւղի մեծագոյն հանքին` Պայիժիի վերահսկողութեան համար ճակատամարտը: Իրաքեան բանակէն բանբեր մը յայտնեց, որ բանակը յաջողած է ետ մղել զինեալներուն իրերայաջորդ յարձակումները: Ան հերքեց, որ քարիւղի հանքը գրաւուած է, սակայն կարգ մը աշխատաւորներ յայտնեցին, որ զինեալները գրաւած են անոր մեծամասնութիւնը եւ կառավարական ուժերը կեդրոնացած են հանքի աշխատանքի կառավարման սենեակին շուրջ:
Երկրին սպառած վառելանիւթի մեծամասնութիւնը մատակարարող հանքին շուրջ ընթացող ճակատամարտը յառաջացուցած է այն մտավախութիւնը, որ Իրաք շուտով կրնայ վառելանիւթի պակաս եւ ելեկտրականութեան անջատումներ դիմագրաւել:
Մինչ այդ, ոստիկանութիւնը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Քերքուքի հարաւը գտնուող Պայշիր գիւղը գրաւած են` սպաննելէ ետք 13 ոստիկաններ եւ փեշմերկաներ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի համար Իրաքի մէջ բոլոր ընտրանքները տակաւին սեղանի վրայ են, բացի ցամաքային ուժերու օգտագործումէն: Ան նշեց, որ Ուաշինկթընին հետաքրքրողը Իրաքի ժողովուրդն է եւ ոչ թէ վարչապետ Նուրի Մալիքին:
Քերրի դարձեալ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ հաղորդակցութեամբ հետաքրքրուած են, սակայն Իրաքի շուրջ տեղեկութիւններու փոխանակման համար եւ ոչ թէ միասին աշխատելու համար:
Մինչ այդ, «քոմերսանթ» հաղորդեց, որ ամերիկեան օդուժի օդանաւեր սկսած են Իրաքի տարածքին վերեւ հետախուզական թռիչքներ կատարել: «Էֆ-18» տիպի կործանիչները Արաբական ծոցին մէջ գտնուող «Ճորճ Պուշ» օդանաւակիրէն թռիչքներ կը կատարեն:
Փենթակոնի մէջ աղբիւր մը ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ին յայտնած է, որ այդ թռիչքներուն նպատակներէն մէկը Իրաքի մէջ տիրող կացութեան միջամտելու Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը ցուցադրելն է: Սակայն ամերիկեան հրամանատարութիւնը ընդգծած է. «Կարեւորը ոչ միայն տեսնելն է, այլ նաեւ` տեսնուած ըլլալը»:
Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի զգուշացուց, որ ամերիկեան բանակը տակաւին գործի լծուելու համար բաւարար տեղեկութիւն չունի: Ան քոնկրեսական ունկնդրութեան մը ընթացքին ընդգծեց, որ օդուժի օդաչուները դժուարութիւն պիտի ունենան ճշդելու, թէ որո՛ւն կը հարուածեն:

