Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ դժուար թէ կառավարութիւնը այս շաբաթավերջին նիստ մը գումարէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու նպատակով պարտադրուելիք յաւելեալ տուրքերը անարդար են: Ան աւելցուց նաեւ, որ քրիստոնեայ համայնքին վրայ հանրապետութեան նախագահ մը պարտադրելու ժամանակաշրջանը անցած է:

ԶՂԱՐԹԱՅԻ քաղաքապետ Թուֆիք Ալպեր Մուաուատ Քարանթինայի մայրուղիին վրայ ինքնաշարժի արկածի մը զոհ գնաց:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր ձեռքով փորած է իր գերեզմանը, իսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մասին անոր կատարած յայտարարութիւնը խոցելի է իր դաշնակիցներուն հաշուոյն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ երեսփոխանական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին, նախքան նախագահական ընտրութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի պատրաստուի կազմակերպելու երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի որոշէ Լիբանան վերադառնալ, ապա ան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կարիքը չունի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տանի Շամուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրուելուն առիթը կը նմանի դրախտի մէջ սատանայի գոյութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը միակ ճառն է` լուծելու համար երկրին հարցերը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ բոլորը գիտեն, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ոչ ոքի սխալները կը ծածկէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ նշեց, որ իրենք աշխատավարձի յաւելումներու օրէնսդրական նիստին ներկայ պիտի գտնուին, եթէ թիւերու շուրջ համախոհութիւն մը գոյանայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները իրենց վերջնական ձեւին մէջ չեն գտնուիր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ գաղտնիք մը չէ այն իրականութիւնը, որ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն գծով երեսփոխան Պահիա Հարիրիի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ տարակարծութիւններ կան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ Հարաւային արուարձաններուն մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները ցոյց կու տան, որ անիկա վախի մէջ է:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւններու յապաղումը պիտի քանդէ երկրին մէջ կեանքի նշոյլները:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան աշխատանքային մեքանիզմին մակարդակով համաձայնութիւն մը գոյացած է մինչ նախագահական աթոռը թափուր կը մնայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ շեշտեց, որ կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ նախագահական ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելը լուրջ բացթողում է:

 

Share this Article
CATEGORIES