«Աշխատավարձի Յաւելումները Խանգարող Կողմերը Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Պարագլուխներն Են» Շէյխ Նայիմ Քասեմ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները խանգարող կողմերը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պարագլուխներն են` աւելցնելով, որ անոնք նաեւ կը մերժեն Լիբանանի քաղաքական կայունութիւնը:
Շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ պետական կառոյցներուն աշխատանքները պոյքոթի ենթարկելու այս մօտեցումն ու քայլերը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:
Քասեմ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը փրկել իր ներկայ իրավիճակէն` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն պահպանելու համար երկրին ազգային համերաշխութիւնն ու Լիբանանի շահերը:
CATEGORIES Լիբանանեան

