Ֆրենժիէ. «Հանրապետութեան Նախագահի Մը Չգոյութիւնը Քրիստոնեաները Պիտի Չտկարացնէ»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մարոնի համայնքը Լիբանանի հիւսուածքին մէկ մասը կը կազմէ եւ անիկա գլխաւոր համայնքներէն կը նկատուի` աւելցնելով, որ անոնց հարուածած փորձանքներուն մեծ մասին պատասխանատուն իրենք են` իրենց կողմէ սխալ մեկնաբանութեան կամ ընդվզումով հակազդելուն պատճառով:
Նախագահական ընտրութեան մասին խօսելով` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ մարոնի համայնքը պատասխանատու է նախագահական աթոռին ատակ անձնաւորութիւն մը որոշելու, սակայն անհրաժեշտ է, որ այդ անձնաւորութիւնը ըլլայ հզօր, ներկայացնէ իր ժողովուրդը եւ իսկապէս իշխէ երկրին:
Այս շրջագիծին մէջ Ֆրենժիէ հարց տուաւ սիւննի համայնքին, թէ արդեօք իրենք կ՛ընդունի՞ն, որ Ա. կարգի պաշտօնեայ մը վարչապետ նշանակուի:
«Նախագահական ընտրութեան առումով տակաւին կայ ուղղահայեաց երկփեղկում մը, որ տակաւին չէ լուծուած: Իսկ մենք չենք փափաքիր զօր. Միշել Սլէյմանի նման նախագահ մը ունենալ: Հանրապետութեան նախագահի մը չգոյութիւնը քրիստոնեաները պիտի չտկարացնէ», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ անոր, որուն զօր. Աուն կը զօրակցի` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ հարց ունի լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ մէկը, որուն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ համաձայն ըլլայ` աւելցնելով, որ նախագահ Ասատ ուրախ կ՛ըլլայ, եթէ զօր. Աուն ընտրուի հանրապետութեան նախագահ:
«Սակայն եթէ զօր. Աուն յայտարարէ, թէ ինք նախագահական ընտրապայքարը պիտի չշարունակէ, ապա իմ իրաւունքս է թեկնածութիւնս առաջադրել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք նախագահական թեկնածու, երեսփոխան Հանրի Հըլուն պիտի չընտրէ:
Ֆրենժիէ դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները կրնան կատարուիլ նախքան նախագահական ընտրութիւնը եւ ընդգծեց, որ Լիբանանը նախագահ պիտի չունենայ, մինչեւ որ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը չփոխուի:

